Thursday May 23, 2013

50 Տարի Առաջ ( 30 Յունիս 1962 )

By adminx - Sat Jun 30, 5:31 am

ՀՄԸՄ-ի Քերմեսը Եղանակի Փակման
Աւանդական Ձեռնարկը

Վաղը` կիրակի, 1 յուլիս, յետմիջօրէի առաջին ժամերէն սկսած մինչեւ ուշ գիշեր, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի դալարագեղ պարտէզներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄի Պէյրութի վարչութեան կազմակերպած տարեկան մեծ քերմեսը:

Տասնեակ տարիներէ ի վեր գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած այս շքեղ քերմեսը կը հանդիսանայ եղանակի փակման ձեռնարկը, որուն պատրաստութեան եւ կազմակերպման համար ՀՄԸՄի Պէյրութի վարչութիւնը, իրեն ենթակայ բոլոր մարմիններով, ամիսներու տքնաջան աշխատանքի կը լծուի` հասարակութեան լայն խաւերուն անփոխարինելի վայելք մը տալու ջանասիրութեամբ:

Արդարեւ, մեր կեանքին մէջ չկայ ձեռնարկ մը, որ այնքան փնտռուած եւ գնահատուած ըլլայ, որքան` ՀՄԸՄ-ի տարեկան քերմեսը, որ անկախ իր պարգեւած զուարճութիւններէն, նաեւ գեղարուեստական արտայայտութիւններու առիթ կ՛ընծայեն:

Բազմածախս գործ մըն է անշուշտ քերմեսը, որ սակայն կ՛ունենայ պատկառելի հասոյթ մը` նիւթապէս սատարելով հայ մարմնամարզական մեծագոյն միութեան բազմապիսի կարիքներուն:

Վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը վաղը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ զուարթ տրամադրութեամբ պիտի փութայ ճեմարան` հաճելի պահեր անցընելու արդար ակնկալութեամբ:

Նոյն վստահութիւնն ունինք այն մասին, թէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութիւնը ոչինչ խնայած է ժողովուրդի այս ակնկալութեան առաւելագոյն չափով գոհացում տալու համար:

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի
Ամավերջի
Հանդէսները

Ազգ. Աբգարեան վարժարանի մանկապարտէզի բաժնի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 21 յունիս, հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանի բակին մէջ, ծնողներու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան:

Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէին` արտասանութիւններ, տրամախօսութիւններ եւ հայկական, արաբական, հնդկական ու եւրոպական դիւթիչ պարեր: Ի վերջոյ Ծաղիկ դասարանէն 33 փոքրիկներ իրենց վկայականներն ստացան Ս. Ծննդեան վանուց տեսուչ Մեսրոպ վրդ. Տեփոյեանի ձեռքէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու ընդհանուր տեսուչ Վարդան վրդ. Տեմիրճեանի ոգեշունչ «Հուսկ-բանք»-ով փակուեցաւ հանդէսը:

Նոյն օրը, հանդէսէն առաջ եւ յաջորդ օր, կէսօրէ ետք ժամը 4-6, տեղի ունեցաւ նաեւ մանկապարտէզի աշակերտութեան ձեռային աշխատանքներու ցուցադրութիւն:

*
*    *

Յունիս 26, երեկոյեան ժամ 8:00-ին տեղի ունեցաւ նաեւ նախակրթարանի բաժնի հանդէսը` հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի: Ներկայ էին ծնողներ ու բազմաթիւ հրաւիրեալներ: Գեղարուեստական խնամուած յայտագիրը համեմուած էր արտասանութիւններով, մեներգներով, խմբերգներով, պարերով (հայկական եւ արաբական) եւ խմբական արտասանութեամբ մը (Համաստեղի «Հայու ոգին»):

Վարժարանի մասին հակիրճ տեղեկատուութիւն մը ներկայացուց Կ. Գանթարճեան:

Այնուհետեւ, 9 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիներ սրբազան հօր ձեռքէն ստացան իրենց վկայականները: Տեղի ունեցաւ նաեւ մրցանակաբաշխութիւն` վարքի եւ ուսման մէջ առաջին հանդիսացող աշակերտներուն:

Ներկայ կրթաշրջանի աւարտականներն են:

Զարմինէ Գոճայարութիւնեան, Քնարիկ Պէրպէրեան, Շուշանիկ Արզումանեան, Մարի Քէլէշեան, Ժանեթ Անտոնեան, Պայծառ Խաչիկեան, Սրբուհի Գալընեան, Վարուժան Խաչատուրեան եւ Յովհաննէս Թաքաճեան:

Սրբազան հայրը իր յուզիչ ու իմաստալից «Հուսկ բանք»-ին մէջ շինիչ թելադրութիւններ ըրաւ աւարտականներուն եւ գնահատեց թաղ. խորհուրդին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին բեղուն աշխատանքը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

28 յունիս 1962
Նոր Ատանա

 

Leave a Reply

Advertisement