Wednesday Jun 19, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Jun 30, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շաբաթավերջ է արդէն, ջանացէք ուրախ տրամադրութիւն ստեղծել ձեր շուրջը` կազմակերպելով հանդիպում մը կամ բարեկամներով պտոյտ մը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընդհանուր զարգացումը ծաղկեցնելու համար ներկայ եղէք արուեստի հանդիսութեան մը, կամ ընթերցանութեան նուիրեցէք ձեր ազատ ժամերը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կամքը զօրութիւն մըն է, որ կ՛որոշէ ձեր ծրագրին կատարումը: Կարեւորը, սակայն, կամքին հնազանդիլն է եւ չտկարանալը: Փոփոխամիտ մի՛ ըլլաք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տարուած էք ձեր աշխատանքով, կեդրոնացած էք միայն աշխատանքի մը վրայ, որ արդէն իրագործուած կամ աւարտած է: Դուրս ելէք ձեր մեկուսացումէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կեանքը միայն գործ եւ ուտել չէ: Կան նաեւ` բարեկամութիւն, ընկերային կեանք եւ գեղեցիկի որոնում: Այս ամէնը կը գտնէք ձեր շրջապատին եւ բնութեան մէջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շարլաթան եւ ինքնագով անձի մը եթէ հանդիպիք, քաղաքավարութեամբ հեռացէք անկէ, որպէսզի ձեր գլխուն խաղ մը չխաղայ: Մի՛ խաբուիք անուշ լեզուէ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գիտցածը կիրարկեցէք եւ ոչ` ուրիշին պատուիրածը, որմէ տեղեակ չէք: Ուրիշներու ըրածին հետեւիլ անհաճոյ է. մի՛ կապկէք ոեւէ մէկը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ընտանիքի տէր անձ մըն էք, շաբաթավերջը  նուիրեցէք անոնց հաճոյքին, իսկ եթէ երիտասարդ կամ պարման էք, մասնակցեցէք խմբական պտոյտի:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ոմանք ձեզի նորութիւններ կը թելադրեն, բայց դուք կը մնաք ձեր սովորական գործերով: Նորութիւններ ստեղծելը կարեւոր է, մի՛ ծուլանաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր սիրած մէկ անձը չի հետաքրքրուիր ձեզմով, կարեւորութիւն մի՛ տաք: Մարդիկ կ՛ազդուին միայն այն ատեն, երբ կ՛անտեսես զանոնք: Անտարբեր մնացէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր չակնկալած անձէ մը պիտի լսէք քաջալերական խօսքեր: Անոր մօտեցումը ձեզի կրնայ նոր առիթներ ստեղծել աշխատանքային իմաստով: Մի՛ հեռանաք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը օրին ապրեցէք, վաղուան մասին ձեր որոշած ծրագիրը եթէ յաջողելու յոյս չտայ, մի՛ յուսահատիք: Նոր ճիգ մը կատարեցէք: Պայքարով կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները:

Leave a Reply

Advertisement