Յայտարարութիւններ ( 29 Յունիս 2012 )
By adminx - Fri Jun 29, 5:50 am
- 0 Comments
- 225 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քրիստափոր Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութիւն Գույումճեան եւ զաւակունք
Տիկին Անի Գույումճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Անի Չոլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Սօսի Էքմեքճեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժանեթ Փափազեան եւ զաւակունք
Գույումճեան եւ Պոյաճեան ընտանիքներ
Փափազեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
Չոլաքեան եւ Էքմեքճեան ընտանիքներ
Չափարեան եւ Գասպարեան ընտանիքներ
Մարաշլեան եւ Գարատանայեան ընտանիքներ
Սեմերճեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Սմաան եւ Գալայճեան ընտանիքներ
Արթինեան եւ Յովսէփեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊՈՅԱՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 28 յունիս 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` ուրբաթ, 29 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 30 յունիսին, նոյն վայրը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————————————————————
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ
17-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Յառաջիկայ կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ պիտի կատարուի Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
Ընտրութեան եւ օծման 17-րդ տարեդարձին առիթով
Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————————————————————
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Յառաջիկայ կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռիս վեհափառ հայրապետ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ընտրութեան եւ օծման 17-րդ տարեդարձին առիթով, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագին պիտի կատարուի`
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Ս. պատարագին պիտի հանդիսապետէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթելու վեհափառ հօր քաջառողջութեան եւ երկարամեայ գահակալութեան համար:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————————————————————
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Յառաջիկայ կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռիս վեհափառ հայրապետ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ընտրութեան եւ օծման 17-րդ տարեդարձին առիթով,
յընթացս Ս. պատարագի թեմիս եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի`
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթելու վեհափառ հօր քաջառողջութեան եւ երկարամեայ գահակալութեան համար:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————————————————————
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը կը շարունակէ հայրենակիցները ընդունիլ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 5:00, իսկ շաբաթ օրերը առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00:
Հայ քաղաքացիները գրասենեակ կրնան դիմել կարգաւորելու համար իրենց պետական, օրինական, ընկերային եւ առողջապահական հարցերը:
Անկախ գրասենեակի անձնակազմէն, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամները երեսփոխանական գրասենեակին մէջ քաղաքացիները կ՛ընդունին հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.
- Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան` ուրբաթ օրերը ժամը 1:00-էն 2:00:
- Պետական նախարար Փանոս Մանճեան` երեքշաբթի օրերը ժամը 12:00-էն 2:00:
- Երեսփոխան Արթիւր Նազարեան` հինգշաբթի օրերը ժամը 3:00-էն 5:00:
- Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` երկուշաբթի եւ հինգշաբթի ժամը 11:00-էն 1:00, ինչպէս նաեւ յատուկ ժամադրութեամբ:
Գրասենեակի հեռաձայնի թիւերն են 01/259881, 01-242582 եւ 03/273800:
—————————————————————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԼՈՒՍԻՆ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆի (ծնեալ` ՅԱԿՈԲԵԱՆ) մահ-ւան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՊԵՏՐՈՍ ԿԷՕՎՇԵՆԵԱՆի (Շեքիր Պետրոս) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՅՆՃԱՐ
ԽԱՉԻԿ ՔԻՒՍՊԵՔԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————————————————————
Կազմակերպութեամբ
«Վանայ ձայն»-ի`
ԻՐՄԱ ԳԱՊԱՔԵԱՆ-ՏԷՏԷԵԱՆԻ
«ՔՆԱՐԱՅԻՆ» եւ «ՀԱՅՈՒ ՈԳԻ»
ձայնասկաւառակներու շնորհահանդէս
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 3 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————————————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Յուսամեան եւ Պետոյեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, հեռաձայնով կամ այլապէս ցաւակցութիւն յայտնեցին իրենց հարազատին` ՄԱՐԻ ՅՈՒՍԱՄԵԱՆի մահուան առիթով:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ծանուցումներու գրասենեակ մը կարիքը ունի երկսեռ ներկայացուցիչներու, արաբերէն գիտնալը` պայման, լաւ շահաբաժին, ինքնաշարժ ունենալը` պայման:
Հետաքրքրուղները կրնան «Սի. Վի.»-ն ղրկել az-adver@yahoo.com
—————————————————————————————
ԼՕԽ-Ի «Ա. ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 25-ԱՄԵԱԿԻՆ առիթով կազմակերպուած վիճակահանութեան («Երեւան» երթուդարձի երկու տոմս) շահող թիւն է
8 7 8 A
—————————————————————————————
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ
Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն
Քրիստոնէական Ջանից Գործադիր Մարմին
ՎԵՐԱՆՈՒԻՐՄԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՋԱԿ-Ի ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՄԱՏՈՒՌԻՆ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 1 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Պաշտամունքին կը յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք ձեզ` ձեր ներկայութեամբ եւ սիրոյ նուէրներով սատարելու վերաշինութեան աշխատանքին:
—————————————————————————————
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ
- Բացառիկ շրջապտոյտ դէպի ՎԱՌՆԱ միայն 18-25 յուլիս, Ա. կարգի պանդոկ, սենեակները` օժտուած «էր քոնտիշըն»-ով, բաց պիւֆէ, նախաճաշ, ներառեալ` վիզան, տուրքերը, փոխան 795 եւրոյի միայն 550 եւրօ, շատ սահմանափակ թիւով տեղեր:
ԾԱՆՕԹ.- Բաց պիւֆէ, ճաշ եւ ընթրիք միայն 1.5 տոլար:
- Շրջապտոյտ դէպի Հայաստան 8 օր 380 եւ 725 տոլար:
Հեռ. 01/261177, 01/240654 եւ 03/233978
Email:Ashjiantours@hotmail.com
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
3 ննջասենեակ, Անթիլիաս: Հեռ. 01/886401, 03/263060, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 2:00:
—————————————————————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
ՔԱՀԼ-ի մասնաւոր դասարաններու ամավերջի հանդէսին առիթով կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Սեդա Պէօյիւքեան 200,000 լ. ո., տիկին Արփի Մուշեան 100,000 լ. ո., ազգային մը 50,000 լ. ո., ազգային մը 100$:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
ԵԼՈՅԹ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ
ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
30 ՅՈՒՆԻՍ, 2012
———————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 225 views
- Tweet
Email
Print



