Thursday May 23, 2013

Ազգային Միասնականութեան Ամրապնդման Համար Անհրաժեշտ Է Ջանք Թափել Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

By adminx - Fri Jun 29, 7:47 am

Նախագահ Սլէյման` Արեւմտեան Պեքաայի թաղապետերու պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է դժուար պահուն ներկայ գտնուիլ եւ հարցերը իրենց անունով կոչել:

Ան նկատել տուաւ, որ բաւարար չէ բարձրաձայն յայտարարել Ազգային միասնականութեան պահպանումին անհրաժեշտութիւնը, այլ` պէտք է աշխատիլ եւ ջանք թափել պահպանելու համար այդ միասնականութիւնը:

Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը եւ անոր ընկերակցող Արեւմտեան Պեքաայի թաղապետերուն պատուիրակութիւնը ընդունելու ընթացքին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այս պատուիրակութիւնը կը մարմնաւորէ իսկական ազգային միասնականութիւնը, որ ինք շօշափած է, երբ վերջին անգամ այցելած է այդ շրջանը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց նուրբ վարուելակերպ չցուցաբերելու յանցագործին նկատմամբ:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յառաջիկայ 12 յուլիսին Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Leave a Reply

Advertisement