Friday May 24, 2013

Միքաթի. «Լիբանանի Տնտեսական Կացութիւնը Լաւ Է»

By adminx - Fri Jun 29, 7:46 am

Վարչապետ Միքաթի – Տնտեսական խորհուրդներ հանդիպումէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երկրի Տնտեսական խորհուրդներուն ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Ատնան Քասսարի:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը լաւ է` աւելցնելով, որ պէտք չէ արտօնել երկրին ապահովական կացութեան խախտումը:

Վարչապետ Միքաթի նկատել տուաւ, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը այդքան վատ չէ, որքան մարդիկ կը փորձեն թիւերով ներկայացնել:

Ան հաստատեց, որ երկրին ապահովական կացութիւնը մօտիկ ապագային պիտի ամրապնդուի, որովհետեւ ոչ մէկ կողմ այդ ապահովութիւնը խախտելու առումով քաղաքական հովանաւորութիւն կրնայ վայելել:

Իր կարգին, Քասսար շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտող բոլոր փորձերուն եւ երկրին նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը բարելաւել:

«Մեզի համար կարեւոր է երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ տնտեսական կացութիւնը բարգաւաճեցնել, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ներդրումներ ապահովել», ըսաւ Քասսար:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց վերջերս Նահր Պարետ եւ Այն Հելուէ գաղթակայաններուն մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները:

Պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ պաղեստինեան խմբաւորումները բոլոր գաղթականներուն հետ նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին` անոնց պարտականութիւններուն եւ իրաւունքներուն առումով:

Leave a Reply

Advertisement