Շէյխ Ահմետ Ասիր Կը Փակէ Սայտայի Ճամբաները
By adminx - Fri Jun 29, 7:43 am
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի մէջ սկսած ապահովական ամսուան երկրորդ օրը ապահովական միջոցառումներ գործադրուեցան Սայտայի մէջ, ուր սակայն Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր բաց նստացոյց յայտարարեց եւ իր համակիրներուն ընկերակցութեամբ փակեց Սայտայի ճամբաները:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ինք տեղեակ է այդ հարցէն եւ անձամբ պիտի լուծէ զայն:
Բայց եւ այնպէս երեկոյեան նստացոյցին մասնակցող քաղաքացիներուն թիւը աւելցաւ:
Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան մերժեց յայտարարութիւն կատարել Ասիրի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք:
Իսկ հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Նիքոլա Պու Տահեր, որ բանակցութիւններ վարած էր Ասիրի հետ, յայտնեց, որ իրենք Ասիրէն խնդրած են իմաստուն կերպով վարուիլ:
Իր կարգին, շէյխ Ասիր, որ անձամբ կը մասնակցի ցոյցին եւ կը գտնուի կապոյտ վրանի մը տակ, պահանջեց, որ Դիմադրութիւնը իր զէնքը յանձնէ, ապա թէ ոչ ան Սայտա տանող այլ ճամբաներ եւս պիտի փակէ:
«Ես չեմ համոզուած, որ պէտք է նստացոյցին վերջ տամ, որովհետեւ ես իսկական սադրանքը կը տեսնեմ զէնքին պարտադրող իշխանութեան մէջ: Իսկ եթէ մեզի հետ հաւասարէ հաւասար պիտի չվարուին, ապա մենք պիտի դիմենք մագլցողական քայլերու», ըսաւ Ասիր:
Շրջանի բնակչութիւնը իր դժգոհութիւնը յայտնեց այս վիճակին գծով, իսկ Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքին քննարկումը պէտք է սահմանափակել Ազգային երկխօսութեան նիստին շրջագիծին մէջ եւ կանխարգիլել ապահովական խախտումներու դուռ բացող որեւէ քայլ:
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print




