Saturday May 25, 2013

Պըրրի Քոնելլիի Հետ Քննարկեց Երկրին Եւ Շրջանին Քաղաքական Եւ Ապահովական Հարցերը

By adminx - Fri Jun 29, 7:42 am

Պըրրի` Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան ու շրջանային քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու բոլոր ճիգերը եւ կը վերահաստատէ, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի:

Հանդիպումէն ետք Քասսար յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին իրենց կատարած այցելութիւնը կ՛իյնայ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կատարած իրենց այցելութիւններուն եւ անոնց երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուար կացութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնելու շրջագիծին մէջ:

Քասսար հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը իր կարգին իր հետեւանքներն ու ժխտական ազդեցութիւնները կ՛ունենայ երկրին մէջ կատարուող ներդրումներուն եւ զբօսաշրջական եղանակին վրայ:

Ատնան Քասսար նշեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է նաեւ երկրին պետական պիւտճէի նախագիծը:

Leave a Reply

Advertisement