Wednesday May 22, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Fri Jun 29, 7:37 am

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆ ապօրինի կերպով իր պաշտօնին վրայ կը գտնուի եւ ան կը խանգարէ հեռաձայնային ցանցերու աշխատանքի դրութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանքի առումով Լիբանան մուտք գործած է նոր հանգրուան: Ան նշեց, որ չորս ամիս ետք լիբանանեան ջուրեր պիտի հասնի ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւ մը, որուն ամիս մը ետք կը հետեւի երկրորդ մը:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ուժեր խուժած են Թիպէ-Պաալպեք շրջանը, ուր կատարած են շարք մը ձերբակալութիւններ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հանդիպում մը ունենալու համար տակաւին բաւական ազդակներ չկան: Ան աւելցուց սակայն, որ այս հանգրուանին Ազգային երկխօսութեան նիստը խիստ կարեւոր է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Հըզպալլայի համար փողոցներուն վրայ կատարուող ապահովական բոլոր խախտումներն ու միջադէպերը ապօրինի են:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտանի միջեւ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն մը գոյացած է Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին զօրակցելու Ղովմի կուսակցութեան թեկնածուին` Ուալիտ Ազարի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս ընդունեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Լիբանան վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Հըզպալլա լիբանանցիները վարակած է ճամբաները փակելու «մշակոյթով»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը շրջանային բնոյթ ունի եւ անոր քաղաքական ու զինուորական որոշումը կը տրուի ուիլայաթ Ֆաքիհի (Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին) կողմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ հարցը կը գտնուի Հըզպալլայի զէնքին մէջ, որ ամբողջ երկիրը զանազան հարցերու կ՛ենթարկէ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ ընդգծեց, որ նախանցեալ երեկոյեան կառավարութեան նիստին երկրին ապահովական կառոյցներուն եւ բանակի պատասխանատուներուն նախագահական պալատ կանչուիլը յստակ պատգամ մըն էր բոլորին, թէ կառավարութիւնը կը զօրակցի ապահովական կառոյցներուն եւ բանակին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժիհատ Ազուր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը երկիրը վտանգաւոր կացութեան կ՛ենթարկէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ ընտրական օրէնքի մշակումին յատուկ յանձնախումբին անդամները կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրինագիծը:

 

Leave a Reply

Advertisement