Sunday May 19, 2013

«Ազրպէյճանի Սադրանքները Ամբողջ Շրջանի Անվտանգութեան Կը Սպառնան» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

By adminx - Fri Jun 29, 7:32 am

Նախագահ Սերժ Սարգսեան` Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ հանդիպման ընթացքին:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսել կատարած այցելութեան ծիրին մէջ ելոյթ ունեցած է Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին ընթացքին եւ ըսած, որ Ազրպէյճանի սադրանքները կը սպառնան ամբողջ շրջանի անվտանգութեան եւ կասկածի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը, ինչ որ ան մտահոգիչ կը նկատէ:

Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն Լոս Քապոսի մէջ ըրած միացեալ յայտարարութեան` նշելով, որ Հայաստան կը շարունակէ առաջնորդուիլ ընդունուած սկզբունքներով:

Ըստ անոր, նախագահներու միացեալ յայտարարութիւնը ցոյց տուաւ, որ Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը ապագայ չունի:

Հայաստանի նախագահը նաեւ անդրադարձած է Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու տարբեր ոլորտներուն, մասնաւորապէս Եւրոպական առեւտրատնտեսական եւ ֆինանսական ընդելուզման գործընթացներուն:

Ան նշած է, որ եւրոյի ձախողումը անկանխատեսելի սպառնալիք է ոչ միայն Եւրոպայի ապագային, կամ դրացիներու ընդելուզման գործընթացներուն, այլեւ համաշխարհային ամբողջ տնտեսութեան համար:

 

Leave a Reply

Advertisement