Վալերի Պուայէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծ Մը Կը Պատրաստէ
By adminx - Fri Jun 29, 7:30 am
- 0 Comments
- 92 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ 17 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին վերընտրուած երեսփոխան Վալերի Պուայէ կը պատրաստէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը, զոր պիտի ներկայացնէ խորհրդարանին:
Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Պուայէ խոստացած էր վերընտրուելու պարագային ֆրանսական խորհրդարանին ներկայացնել նոր բանաձեւ մը, որուն մէջ նկատի պիտի առնուին ֆրանսական սահմանադրութեան պահանջները:
Պուայէ յայտնած է, որ մինչեւ օրս թուրքերէն սպառնալիքներ ու վիրաւորանքներ կը ստանայ: Ան ֆրանսական նախորդ խորհրդարանին ներկայացուցած Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող իր հեղինակած օրինագիծին նկատմամբ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ մամուլին որդեգրած անհանդուրժողական ու հակաժողովրդավարական դիրքորոշումը «անպատասխանատու» որակած է:
- 0 Comments
- 92 views
- Tweet
Email
Print




