Thursday May 16, 2013

«Մինսքի Խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմի Վերսկսման Կանխարգիլման Համար Կենսական Կարեւորութիւն Ունեցող Կառոյց Է» Կ՛ըսէ Էրիք Ռուպին

By adminx - Fri Jun 29, 7:26 am

Էրիք Ռուպին

Ազրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին յայտնած է, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահող երկիրներէն մէկը` Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն խնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու համար ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն աջակցութեան հակում ունենալ:

«Մինսքի խմբակը կը շարունակէ պատերազմի վերսկսման կանխարգիլման ու բանակցութիւններու միջոցով հակամարտող կողմերը խաղաղութեան մօտեցնելու հարցին մէջ կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող կառոյց մնալ», ըսած է ան:

Leave a Reply

Advertisement