«Ղարաբաղեան Նոր Պատերազմին Յաղթողը Ռուսիան Պիտի Ըլլայ, Իսկ Պարտուողը` Վրաստանը» Կ՛ըսէ Վաշածէ
By adminx - Fri Jun 29, 7:25 am
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ sizil.ge կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ եթէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմ սկսի, ապա յաղթողը պիտի ըլլայ Ռուսիան, որ միանգամընդմիշտ պիտի լուծէ Հարաւային Կովկասի խնդիրը` յօգուտ իրեն: Ան նշած է, որ ղարաբաղեան պատերազմէն ամէնէն շատ տուժողը պիտի ըլլայ Վրաստանը, «որուն նկատմամբ Ռուսիա դարձեալ պիտի փորձէ ուժ կիրարկել, այս անգամ` Լեռնային Ղարաբաղի շարժառիթով»:
«Մեզի համար Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծումը կարեւոր է եւ այն, որ մեր շրջանին մէջ զինուորական դիմակայութիւն չըլլայ», ըսած է Վրաստանի դիւանագիտութեան պետը` յոյս յայտնելով, որ «բոլորը խելամիտ պիտի գտնուին Անդրկովկասի մէջ նոր պատերազմ չարտօնելու համար»:
Ըստ Վաշածէի, դրացի երկիրներուն եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը Վրաստանի շահերէն կը բխի:
«Մէկ կողմէ, տագնապներու աղբիւրներու կրճատումն ու մեր շուրջը տիրող անկայունութիւնը կը մեծցնեն մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներու լուծման կարելիութիւնը: Միւս կողմէ, մեր դրացիներուն չլուծուած խնդիրները բացասաբար կ՛ազդեն մեր տագնապներուն վրայ», ըսած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print




