Saturday May 18, 2013

Սուրիոյ Մէջ «Ազգային Միասնութեան Կառավարութիւն» Ձեւաւորելու Անանի Առաջարկը` Քննարկումի Առարկայ

By adminx - Fri Jun 29, 7:23 am

Սերկէյ Լաւրով

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ «ազգային միասնութեան կառավարութիւն» ձեւաւորելու առաջարկ մը, ըստ որուն, նշեալ կառավարութեան կազմին մէջ պէտք է ընդգրկուին իշխանութեան կողմնակիցներն ու ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, սակայն միեւնոյն ժամանակ անոր մէջ պէտք չէ ըլլան այնպիսի մարդիկ, որոնք իրենց ներկայութեամբ կրնան խոչընդոտել ներքին երկխօսութիւնը եւ վտանգել անցումային կառավարութեան վստահելիութիւնը:

«Ռոյթըրզ»-ի աղբիւրներուն համաձայն, ասիկա կը նշանակէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ դուրս պէտք է մնայ «միասնական կառավարութեան» կազմէն: Ըստ անոնց, կարեւոր պետութիւնները, ներառեալ` Ռուսիան, աջակցած են Անանի գաղափարին:

Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիա պիտի չզօրակցի Սուրիոյ տագնապի լուծումի մը, որ դուրսէն կը պարտադրուի` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով կանխաւ գնահատականներ չտալու արդիւնքին մասին երկխօսութեան, որ պէտք է սուրիացիներուն միջեւ կատարուի: Ան նշեց, որ հարցը կը վերաբերի «երկխօսութեան քաջալերման եւ ոչ թէ անոր արդիւնքներուն մասին գնահատականներ տալուն»:

Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ «ազգային համաձայնութիւն» եւ բարեփոխում իրագործող փոփոխութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը «պէտք է սուրիացի ժողովուրդի երկխօսութեան ծիրին մէջ վճռուի»` նշելով, որ շաբաթ օր Ժընեւի մէջ նախատեսուած ժողովէն առաջ «Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի համար վաւերացուած ծրագիր մը չկայ»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը Իրանը Ժընեւի խորհրդաժողովէն հեռու պահելը «սխալ» նկատեց եւ Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Իրանի մասնակցութեան ընդդիմանալով «երկու չափ, երկու կշիռ»-ի քաղաքականութիւն կիրարկելնուն համար: «Իրան ազդակ մըն է, որ կացութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, եւ կը կարծեմ, որ Ժընեւի ժողովէն զայն հեռու պահելը սխալ է», ընդգծեց Լաւրով:

Նշենք, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը յայտարարեց, որ կը մերժէ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալուն պայմաններուն մէջ որեւէ կառավարութեան մաս կազմել:

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը իտալական «Աքի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական ազգային միասնութեան կառավարութիւն մը կազմելու Անանի առաջարկը «պայմանաւորեալ է» եւ կը պարունակէ մանրամասնութիւններ, որոնց շուրջ Ժընեւի ժողովին ընթացքին պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ: Ան նշեց, որ այդ կառավարութիւնը պէտք է ամբողջական լիազօրութիւններ վայելէ, ապահովական եւ զինուորական ուժերը անոր ենթակայ ըլլան, ինչպէս նաեւ անոր առաքելութիւնն ու պաշտօնավարման ժամկէտը ճշգրիտ կերպով ճշդուին:

ՄԱԿ-ի մօտ Եւրոպական Միութեան մնայուն պատուիրակ Մարիանժելա Ցափիա յայտնեց, որ Ասատ «Սուրիոյ ապագային մէջ տեղ չունի եւ սուրիական կառավարութիւնը իր ժողովուրդը պաշտպանելու պատասխանատուութեան տէր կանգնելու ձախողեցաւ»:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիա-Սուրիա լարուածութեան, թրքական «Թէ. Ռէ. Թէ» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ իր սահմանին երկայնքին հակաօդային պաշտպանութեան զէնքեր տեղակայած է: Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը` վկայակոչելով թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը, հաղորդեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ իր զինուորական ներկայութիւնը զգալի կերպով կը մեծցնէ` նշելով, որ 30 զինուորական փոխադրամիջոցներէ բաղկացած շարասիւն մը դուրս եկած է Անտիոք քաղաքէն եւ տեղակայուած սուրիական սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ թուրք պաշտօնատար մը հաստատած է, որ թրքական ուժեր իբրեւ նախազգուշական քայլ դէպի սուրիական սահման ուղղուած են:

Միւս կողմէ, երէկ Դամասկոսի արդարադատութեան պալատի կառատան մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որ պատճառեց 3 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ: Նշենք, որ երկու այլ պայթումներ եւս ցնցեցին Սուրիոյ մայրաքաղաքը:

Leave a Reply

Advertisement