Tuesday May 21, 2013

«Եւրոյի Գօտիի Ճգնաժամը Դիւրին Եւ Արագ Լուծում Չունի» Կ՛ըսէ Մերքել

By adminx - Fri Jun 29, 7:21 am

Անկելա Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի նախօրեակին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ եւրոպական երկիրներու նախագահները նախազգուշացուց «վաղաժամ տրուած անիրականանալի խոստումներէն»` նշելով, որ Եւրոյի գօտիի ճգնաժամը «դիւրին եւ արագ լուծում» չունի:

Փորձագէտները կը նշեն, որ Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ բանակցութիւնները դիւրին չեն անցնիր, որովհետեւ Եւրոպայի մեծագոյն տնտեսութիւններու ղեկավարները պարտքային ճգնաժամի յաղթահարման տրամագծօրէն տարբեր դիրքորոշումներ ունին:

Նախապէս Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռահոյ պարտատէրերուն նախազգուշացուցած էր, որ վարկի ներկայ բարձր տոկոսի մակարդակի պայմաններուն մէջ երկիրը չի կրնար երկար ժամանակ սպասարկել իր պետական պարտքը:

Նշենք, որ Եւրոյի գօտիի ճգնաժամին վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը արտայայտած էր նաեւ յայտնի գործարար Ճորճ Սորոս, որ մասնաւորաբար յայտարարած էր. «Ելեւմտական հարցերուն մէջ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն միջեւ տարակարծութիւններ կան: Եթէ անոնք երեք օրուան ընթացքին չլուծուին, ապա կը վախնամ, որ վեհաժողովը ձախողած ըլլայ, իսկ ատիկա արդէն կրնայ իսկապէս անդառնալի հետեւանքներ ունենալ»:

Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ դէմ է Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին նախօրեակին շարունակ հնչող կոչերուն` այսպէս կոչուած եւրոյի պարտատոմսերու հրապարակման վերաբերեալ. անոնք պէտք է ըլլան Եւրոյի գօտիի երկիրներու միասնական պարտքային պարտաւորութիւնները, որոնք կարելիութիւն պիտի տան դուրս գալ պարտքային ճգնաժամէն:

Մերքել չորեքշաբթի օր Պուտափեշտի մէջ անդրադառնալով այս հարցին եւրոյի պարտատոմսերու հրապարակումը նկատած է «տնտեսապէս սխալ եւ հակաարդիւնաւէտ միջոց»: Իսկ նախապէս ան խումբ մը գերմանացի երեսփոխաններու յայտարարած է, որ այնքան ատեն որ ինք ողջ է, անոնք պիտի չհրապարակուին:

Միասնական պարտքային պարտաւորութիւններու որդեգրման կողմնակիցներն են Իտալիան, Սպանիան եւ Ֆրանսան: Եւրոյի պարտատոմսերուն ի յայտ գալը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել վարկերու արժէքը, ինչ որ Եւրոպական Միութեան կարելիութիւն պիտի տայ ճգնաժամէն դուրս գալու:

Պերլին եւրոյի պարտատոմսերուն դէմ է, որովհետեւ անոնց հրապարակման պարագային Եւրոպական Միութեան մեծագոյն տնտեսութիւնը եղող Գերմանիոյ մէջ վարկերու տոկոսները պիտի աճին:

 

Leave a Reply

Advertisement