Wednesday May 22, 2013

Եգիպտոսի Զինեալ Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդը Կրնայ Նախագահի Աթոռը Թափուր Յայտարարել

By adminx - Fri Jun 29, 7:20 am

Մարաջախտ Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուի

Ապահովական աղբիւր մը «Ժումհուրիա Մասրիա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը նախագահի աթոռը թափուր պիտի յայտարարէ, եթէ Մուրսի նախագահական երդումը Սահմանադրական դատարանին առջեւ չկատարէ: Աղբիւրը նշեց, որ եթէ Մուրսի այդ քայլին չդիմէ, ապա այդ մէկը սահմանադրութեան խախտում կը նկատուի եւ նորընտիր նախագահը կը զրկէ իր սահմանադրական օրինականութենէն, եւ այդպիսով այդ աթոռը թափուր կը մնայ, իսկ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը իրաւունք ունի այդ պաշտօնը թափուր յայտարարելու:

Օրաթերթը հաղորդեց, որ Սահմանադրական դատարանի նախագահ, Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Ֆարուք Սուլթան նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիին կոչ ուղղած է սահմանադրութեան ամբողջացման յայտարարութիւնը գործադրելով իր երդումը կատարել Սահմանադրական դատարանին առջեւ:

Միւս կողմէ, Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի անդամ Մոհամետ Ասար ամերիկեան «Սի. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կազմելիք յառաջիկայ կառավարութեան մէջ պաշտպանութեան նախարարը Մարաջախտ Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուին է»: Նշենք, որ վերջինս Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի նախագահն է:

Ան բացատրեց, որ այդ քայլը ներկայ զգայուն հանգրուանին եւ նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն առաջ զինեալ ուժերուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելէ զգուշանալու համար է:

Ասար աւելցուց, որ «Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը իր ձեւը եւ ղեկավարները պիտի պահէ, մինչեւ նոր խորհրդարանի ընտրութիւնն ու օրէնսդրական իշխանութեան անոր փոխանցումը, ինչպէս նաեւ զինեալ ուժերուն երկիրը պաշտպանելու հիմնական դերակատարութեան վերադառնալը»:

 

Leave a Reply

Advertisement