Friday May 24, 2013

Շուրջ Երկու Հազար Ահաբեկիչներ Պիտի Տեղակայուին Ազրպէյճանի Մէջ

By adminx - Fri Jun 29, 7:19 am

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն համաձայնութեամբ, հակաիրանեան գործունէութիւն ծաւալող «Մոնաֆեկին» ահաբեկչական խմբակի շուրջ երկու հազար անդամներ պիտի ուղարկուին Ազրպէյճան:

Ըստ լրատու գործակալութեան, այս տարուան մայիսին խմբակի ներկայացուցիչ Զահետին Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, խմբակի Իրաքէն դուրս բերուող անդամները պիտի տեղակայուին ազրպէյճանական Դաշքեսան եւ Մինկեչաուր քաղաքներուն մէջ:

Ահաբեկչական խմբակի անդամները Ազրպէյճանի մէջ հետախուզական եւ ահաբեկչական գործողութիւններու համար զինուորական պատրաստութեան դասընթացքներու պիտի հետեւին, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային հատեն Իրանի սահմանը:

 

Leave a Reply

Advertisement