Wednesday Jun 19, 2013

Կեդրոնական Դրամատան Մէջ Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով. «Լիբանան Զերծ Է Շրջանային Իրադարձութիւններու Ժխտական Հակազդեցութեան Վտանգէն» Յայտնեց Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան

By adminx - Fri Jun 29, 7:15 am

Իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով` Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան երէկ` հինգշաբթի, 28 յունիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի դրամատնային համակարգի իրավիճակին շուրջ: Սոյն մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին լիբանանահայ լրատուամիջոցներուն ներկայացուցիչները:

Կեդրոնական դրամատան Համրայի մայր հաստատութեան դասախօսութեանց ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցած այս մամլոյ ասուլիսի սկզբնաւորութեան, դոկտ. Սամուէլեան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով իր հրաւէրին ընդառաջած հայ լրագրողներուն: Ապա ան խօսեցաւ միջազգային եւ շրջանային տագնապին ու լուծման կարելիութեանց մասին: Ան նաեւ պարզեց Լիբանանի դրամատնային համակարգի իրավիճակն ու անոր դիրքը` շրջանային թէ միջազգային իրադարձութիւններէն:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին յաջորդեց հարցադրումներու բաժինը, որուն ընթացքին ներկաները արծարծեցին ներկայացուած զեկուցումին առնչուող հարցեր:

Անդրադառնալով Լիբանանի դրամատնային համակարգին ու տիրող այժմու իրավիճակին` դոկտ. Սամուէլեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ այս մարզը կայուն ու առողջ վիճակի մէջ է` նշելով Կեդրոնական դրամատան որդեգրած ելեւմտական քաղաքականութեան խոհեմ ու հեռատես աշխատելաոճի հիմնական քայլերը` կանխարգիլելու կամ փրկելու համար վտանգի սեմին գտնուող դրամատուները:

Պատասխանելով շրջանային իրադարձութեանց Լիբանանի վրայ ունենալիք հակազդեցութեանց մասին հարցումի մը` Սամուէլեան հանգստացուց, թէ Լիբանան զերծ է շրջանային իրադարձութեանց ժխտական հակազդեցութիւններէն, շնորհիւ որդեգրուած դրամատնային հեռատես ու աչալուրջ քաղաքականութեան: Ան յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը շնորհաւորական հեռագիր յղած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան որդեգրած դրամատնային խոհեմ ու յաջող գործունէութեան համար: Դոկտ. Սամուէլեան բարձր գնահատեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ դոկտ. Ռիատ Սալամէի ցուցաբերած մօտեցումը տագնապներու լուծման եւ հարցերու բարւոք դասաւորման գծով: Ան յիշեցուց, որ ինչպէս 1990-ական թուականներուն, յատկապէս 1992-ին, ամերիկեան տոլարի սակագինը հասած էր տագնապալի ու մտահոգիչ մակարդակի` շրջանցելով երկու հազար լիբանանեան ոսկիի սահմանները, եւ այդ հարցը կարելի եղած էր հարթել ու տոլարին սակագինը կայունացնել 1500 լիբանանեան ոսկիի վրայ:

«Նախ եւ առաջ Կեդրոնական դրամատունը եկաւ վստահութիւն ներշնչելու լիբանանեան դրամանիշին նկատմամբ», շեշտեց Սամուէլեան` յիշեցնելով, որ ինչպէս անցեալին մարդիկ կը խուսափէին լիբանանեան դրամանիշի գործածութենէն, մինչ ներկայիս հակառակը կը պատահի եւ մարդիկ նոյնիսկ Զուիցերիոյ մէջ պահ դրած իրենց տոլարի գումարները լիբանանեան դրամանիշի կը վերածեն:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` դոկտ. Սամուէլեան յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը կը կազմակերպէ վարժողական յատուկ նիստեր իր «Վարժողական կեդրոն»-ին մէջ, ուր դրամատնային կարեւոր տեղեկութիւններ եւ ուղղութիւններ կը փոխանցուին դրամատնային մարզով հետաքրքրուած համալսարանական ուսանողներու: Ան աւելցուց, որ ինք անձամբ տրամադիր է այս ուղղութեամբ ցուցմունքներ տալու:

Պատասխանելով դրամատնային դիւրութիւններէն քաղաքացիներու, յատկապէս հա՛յ քաղաքացիներու օգտուելու կարելիութեանց մասին հարցումի մը` դոկտ. Սամուէլեան յստակացուց, թէ նպաստը հիմնականին մէջ վարկի փոխատուութեան գինի նուազեցման մէջ կը կայանայ` նկատի ունենալով համեմատաբար չնչին, ցած տոկոսներու յաւելումը վարկերուն վրայ:

Ապա ան բացատրեց Կեդրոնական դրամատան որդեգրած քաղաքականութիւնն ու հիմնական քայլերը երկրի դրամատնային համակարգի կայունութեան պահպանման առաջադրանքով: Ան թուեց այն խթանները, որոնք կը նպաստեն այս մարզի կայունութեան ու ծաղկումին: Օրինակ, եթէ շինարար մը կ՛ուզէ շէնքեր կառուցել, անոր նախատեսած պիւտճէին միայն 60 առ հարիւրը կը տրամադրուի իբրեւ վարկ: Մինչդեռ այլ երկիրներու, ինչպէս` ամերիկեան դրամատուներ 100 առ հարիւր վարկով կը ֆինանսաւորեն նման ծրագիր մը, ինչ որ սնանկացումի կը յանգեցնէ առաջին իսկ ձախողութեան պարագային:

Անդրադառնալով լիբանանեան շուկայի, յատկապէս բնակարանային սղաճին` Սամուէլեան նշեց, որ արտերկրի մէջ բնակող բազմաթիւ լիբանանցիներ տուներ ու կալուածներ գնած են Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ երկաթի սակագինի զգալի աճ արձանագրած է: Նմանապէս ան անդրադարձաւ կիներու յատուկ դրամատնային քաջալերական վարկերուն վերաբերող հարցումի մը` հաստատելով, որ Կեդրոնական դրամատունը կ՛աջակցի ու այդ ուղղութեամբ շրջաբերական յղած է:

Ան անդրադարձաւ շրջանի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ գործող լիբանանեան դրմատուներու կացութեան, որոնք արդէն 40 առ հարիւրով նուազեցուցած են իրենց գործառնութիւնները եւ որդեգրած կանխազգուշական խոհեմ ու հեռատես քայլերու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն մը:

Հայաստանի գծով դոկտ. Սամուէլեան յայտնեց, որ 1995-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հետ դրամատնային առաջին փրոթոքոլը կնքուած է: 2000 թուականին վերանայուած ու բարելաւուած է անիկա, իսկ 2005-ին երկրորդ փրոթոքոլը կնքուած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ դոկտ. Ռիատ Սալամէի ներկայութեան: Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ, դոկտ. Սամուէլեան ուրբաթ օր (այսօր) կրկին պիտի մեկնի Հայաստան` այս երկրորդ փրոթոքոլին ընդլայնման առնչուող հարցերու դասաւորման համար: Ան նշեց, որ արդէն իսկ լիբանանեան երկու դրամատուներ մասնաճիւղեր հաստատած են Հայաստանի մէջ, ուր 4-էն 4,5-ի եւ 5 առ հարիւրի հասնող տնտեսական աճ արձանագրուած է, ըստ միջազգային տնտեսագէտներու վկայութեան:

Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան եզրափակեց ըսելով, որ Լիբանանի դրամատնային վիճակը լաւ է եւ «1975-ի պատկերը չենք տեսներ այլեւս»:

Leave a Reply

Advertisement