ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Մտահոգ` Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Յառաջընթացի Բացակայութենէն
By adminx - Thu Jun 28, 7:51 am
- 0 Comments
- 65 views
- Tweet
Email
Print
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը կ՛անհանգստացնէ յառաջընթացի բացակայութիւնը ղարաբաղեան լուծման հոլովոյթին մէջ:
Զանիեր Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող «Անվտանգութեան օրեր» ԵԱՀԿ-ի նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ կայ աճող մտահոգութիւն, քանի որ կ՛աճի սրտնեղութիւնը, որ ոչինչ ընել կարելի չէ:
Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը շատ լուրջ քաղաքական ջանքեր գործադրած է: Ան նաեւ բարձր գնահատեց այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի գործունէութիւնը:
«Կողմերը շատ մօտ էին համաձայնեցնելու հիմնարար սկզբունքները, որոնց հիման վրայ ալ պիտի կառուցուէր որոշումը, սակայն յառաջընթաց չկայ», նշեց Զանիեր` աւելցնելով, որ կը դիտարկուի միջադէպերու աճի միտումը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմաններուն վրայ:
«Տագնապելու պատճառներ կան: Մենք փորձեցինք առաջարկել մեքանիզմներ` վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններ, զինադադարի դրութեան հզօրացում, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներ: Այս կամ այն պատճառով կողմերէն մէկը կը խոչընդոտէ այդ նախաձեռնութիւնները: Ամէն ինչ շատ քաղաքականացուած է. եթէ կողմերէն մէկը կը համաձայնի բանի մը, միւս կողմը կը նկատէ, որ ատիկա վատ նախաձեռնութիւն է: Քեզմէ անկախ հարց կու տաս, որ խնդիրը մեքանի՞զմն է, թէ՞ պարզապէս կողմերը պատրաստ չեն որոշակի փոխադարձ զիջումներ պահանջող նախաձեռնութիւններու», ըսաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
Ըստ անոր, այս բարդ իրավիճակին առնչութեամբ ԵԱՀԿ-ն ներկայիս կ՛աշխատի երկու երկիրներու խորհրդարաններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ` փորձելով պայմաններ ստեղծել, որպէսզի կառավարութիւնները շահագրգիռ ըլլան լուծելու տագնապը: «Թերեւս աշխատանքը հասարակական կարծիքի, հասարակութիւններու հետ գործունէութեան կարեւոր ուղղութիւն ըլլայ», ըսաւ Զանիեր:
- 0 Comments
- 65 views
- Tweet
Email
Print




