Ըստ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Այժմ Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Է Բոլորովին Նոր Իրավիճակ
By adminx - Thu Jun 28, 7:48 am
- 0 Comments
- 93 views
- Tweet
Email
Print
Նախանցեալ օր ելոյթ ունենալով Հայ ազգային քոնկրեսի կազմակերպած հանրահաւաքին ընթացքին, քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշեց, որ հինգերորդ գումարման Ազգային ժողովի ձեւաւորումէն եւ կառավարութեան ծրագիրի քննարկումէն ետք Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ բոլորովին նոր իրավիճակ` Հայ ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի եւ մասամբ` Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախընտրական հանգրուանին ծաւալած համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք:
Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ ընտրութիւններէն առաջ անոնք բոլորովին այլ դէպքեր կը գուշակէին` այն է, որ Բարգաւաճ Հայաստանը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ կազմած միասնական ցուցակով, որ պիտի մնայ իշխող համաձայնական կառավարութեան կազմին մէջ, որ ընդդիմադիր խաղալով եւ ընդդիմութենէն ձայներ փոխանցելով, միեւնոյնն է, վերջաւորութեան պիտի բռնէ աղքատացման ճամբան: Ան աւելցուց, որ այդ ամէնը տեղի չունեցաւ, այլ ընդհակառակն` Բարգաւաճ Հայաստանը թէ՛ ընտրութիւններու ընթացքին, թէ՛ կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ու քուէարկութեան ժամանակ լիարժէք կերպով համագործակցեցաւ ընդդիմադիր միւս ուժերուն հետ:
Սակայն, ըստ անոր, այժմ որոշ լրատուամիջոցներ, քաղաքական ուժեր, որոնց շարքին նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսէն անջատուած տարրեր, հասարակութեան կը փորձեն համոզել, որ Բարգաւաճ Հայաստանը իրականութեան մէջ ընդդիմութիւն չէ եւ վիժեցնել համագործակցութիւնը` փոխանակ զայն Սերժ Սարգսեանէն եւ Հանրապետական կուսակցութենէն աւելի հեռացնելու:
- 0 Comments
- 93 views
- Tweet
Email
Print



