Saturday May 25, 2013

Ապահովական Կառոյցներու Բոլոր Պատասխանատուները Կը Մասնակցին Կառավարութեան Նիստին. «Այսուհետեւ Օդակայանին Ճամբան Փակելը Բացարձակապէս Արգիլուած Է» Կը Շեշտէ Նախագահ Սլէյման

By adminx - Thu Jun 28, 7:47 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, քննարկելու համար 74 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու զարգացումները, որոնց լոյսին տակ յանկարծ նախագահական պալատ հրաւիրուեցան երկրին ապահովական կառոյցներուն բոլոր պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա:

Իրադարձութիւն մը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը պատահի Լիբանանի պատմութեան մէջ կառավարութեան գումարած նիստերուն ընթացքին:

Հանրապետութեան նախագահը ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն ներկայութեան շեշտեց, որ այսուհետեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան փակելը բացարձակապէս արգիլուած է:

Ան կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն խստացնելու ապահովական միջոցառումները` ընդգծելով, որ ինք անոնց կը շնորհէ իր, կառավարութեան եւ Ազգային երկխօսութեան նիստին հովանաւորութիւնը:

Նախագահական պալատէն մեկնումի պահուն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը առաւելագոյն չափով դրական է:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուցած է Ազգային երկխօսութեան նիստին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող շարք մը հարցերուն մանրամասնութիւնները:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի դրուատեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումը դատապարտող կեցուածքները` ընդգծելով, որ այդ մէկը ցուցանիշ է, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը զօրակցին ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան:

Երկրին ապահովութեան մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ «Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ կարեւոր է, որ այդ կառոյցներուն քաղաքական հովանաւորութիւն յատկացուի», ըսաւ Տաուք:

Յայտնենք նաեւ, որ երէկուան իր նիստին կառավարութիւնը հաւանութիւն յայտնեց թրքական ընկերութեան մը հետ համաձայնութիւն ստորագրելու` ելեկտրականութիւն արտադրող նաւեր վարձելու համար:

 

Leave a Reply

Advertisement