Sunday May 19, 2013

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Քոնելլին

By adminx - Thu Jun 28, 7:45 am

Նախագահ Սլէյման եւ դեսպան Քոնելլի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունեն հանրապետութեան նախագահին Ազգային երկխօսութեան նիստը վերսկսելու նախաձեռնութիւնը` երկրին ազգային միասնականութիւնը եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ ազատ, անկախ, ապահով եւ գերիշխան Լիբանանին:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց դպրոցներու եւ համալսարաններու, ինչպէս նաեւ պետական քննութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սլէյման խստիւ մերժեց ուսուցիչներուն կողմէ քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլը` ընդգծելով, որ աշակերտներուն ապագան կարելի չէ պահանջներու հետ կապել:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել եւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Հաննա:

Leave a Reply

Advertisement