Thursday Jun 20, 2013

Միքաթի. «Կառավարութեան Աշխատանքը Հեզասահ Կ՛ընթանայ»

By adminx - Thu Jun 28, 7:37 am

Փլամպլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին ՄԱԿ-ին ներկայացնելիք իր տեղեկագիրին մանրամասնութիւնները:

Փլամպլի դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ վերջին ամիսներուն ընթացքին տիրող հանդարտութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Ան աւելցուց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ թիւ 1701 բանաձեւին չգործադրուած յօդուածները:

Փլամպլի դրուատեց նաեւ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ այդ նիստը շարունակելու քաղաքական հոսանքներուն յանձնառութիւնը ինքնին շատ կարեւոր է: Ան աւելցուց, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» նկատմամբ քաղաքական ղեկավարներուն յանձնառութիւնը իր կարգին օժանդակած է բանակին եւ Լիբանանը չէզոք պահած շրջանային տագնապէն:

Փլամպլի վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց նաեւ Ազգային երկխօսութեան նիստին արդիւնքները, յատկապէս` լիբանանցիներուն ու պաղեստինցի գաղթականներուն համար որդեգրուած ապրուստի դիւրութիւնները եւ մատուցուելիք յաւելեալ ծառայութիւնները:

Փլամպլի դատապարտեց Պէյրութի մէջ արձանագրուած խափանարարութիւնները, մասնաւորապէս «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ գործուած յարձակումը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, որուն ընկերակցեցան պետական նախարար Ալի Քանսօ եւ նախկին նախարար Մահմուտ Ապտել Խալեք:

Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքը հեզասահ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կ՛աշխատի նաեւ ամրապնդել երկրին ապահովական կացութիւնը` ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած ապահովական խիստ միջոցառումներուն ընդմէջէն:

Leave a Reply

Advertisement