Wednesday May 22, 2013

«Սուրիոյ Շուրջ Աշխատանքային Խմբակ»-ի Ժողովը` Շաբաթ Օր

By adminx - Thu Jun 28, 7:26 am

Քոֆի Անան

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակ»-ի ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ` Ժընեւի մէջ: Ան նշեց, որ ժողովին նպատակը Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումը ամբողջութեամբ հաստատելը եւ սուրիական ղեկավարութեամբ քաղաքական փոխանցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելն է:

Մինչ այդ, Անանի տեղակալ Ժան-Մարի Ժեհինօ յայտարարեց, որ Անան մտադիր է յառաջիկայ շաբաթ օր Ժընեւի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ բարձրաստիճան ժողով մը գումարել եւ կը ջանայ «առաջարկուած արդիւնքներուն շուրջ հասարակաց կեցուածք» գոյացնել:

Ժեհինօ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց գործակալութեան նիստին ընթացքին յայտնեց, որ «անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին այս ջանքերը կեդրոնացան Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի մը յառաջացման վրայ: Յատուկ պատուիրակը մտադիր է, որ (ժողովը) գումարուի Ժընեւի մէջ` 30 յունիսին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներու յայտնեց, որ Հիլըրի Քլինթըն Ժընեւի մէջ 30 յունիսին նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ ժողովին պիտի մասնակցի «միայն այն պարագային, եթէ այս խորհրդաժողովին մասնակիցները հաստատեն իշխանութենէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման կարեւորութիւնը»: Աղբիւրը նշեց, որ Քլինթըն Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին կը նախատեսէ սուրիական տագնապին անդրադառնալ: Ան նշեց, որ սուրիական տագնապին լուծման միջոցներուն շուրջ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի կեցուածքները տակաւին իրարմէ տարբեր են: Ամերիկացի այլ պաշտօնատար մը հետագային յայտնեց, որ Քլինթըն պիտի մասնակցի Ժընեւի ժողովին:

Մինչ այդ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «ահաբեկչական զինեալ խմբակ մը» երէկ առաւօտեան յարձակում գործած է սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնին վրայ եւ զայն կողոպտելէ ետք` ականահարելով քանդած է: Յարձակումին պատճառով երեք լրագրողներ սպաննուած են եւ շէնքի չորս պահակներ վիրաւորուած:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ումրան Զողպի արաբ նախարարները հրաւիրեց Սուրիա` «տեսնելու համար իրենց որոշումին արդիւնքը»` աւելցնելով, որ «ջարդին ամբողջական պատասխանատուն Արաբական լիկան կը նկատեմ, որովհետեւ ոճիրը գործադրողները Սուրիոյ մէջ լրատուութիւնը լռեցնելու անոր որոշումը կը գործադրէին»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Թուրքիա եւ թուրք ժողովուրդը Սուրիոյ վրայ յարձակում գործելու նպատակ չունին»: Ան նշեց, որ «երբեք որեւէ երկրի հողերուն վրայ աչք չենք տնկած եւ որեւէ պետութեան նկատմամբ թշնամական կեցուածք չենք ունեցած»:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ «մենք մեր դէմ թշնամական արարքներուն, յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն մեր ամբողջ ուժով ու մեր պատմութեան ներշնչումով կը հակադարձենք, եւ մենք պէտք եղածը կատարելու երբեք չենք տատամսիր»:

Էրտողան խօսելով «ոճրային աւազակախումբերէ կազմուած, յաչս իրենց ժողովուրդին իրենց օրինականութիւնը կորսնցուցած եւ իրենց ժողովուրդները ահաբեկող պետութիւններուն մասին» նշեց, որ իր երկիրը «Թուրքիոյ փառաւորութեան մարտահրաւէր կարդացող ոեւէ մէկը իր սահմաններուն մէջ պիտի դնէ»:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած է, որ սուրիական ուժերուն կողմէ վար առնուած թրքական «Էֆ-4» պատերազմական օդանաւին երկու օդաչուներուն սաղաւարտները եւ վար առնուած օդանաւէն կտորներ յայտնաբերուած են: Ան նշեց, որ «օդաչուներու փնտռտուքի աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին»:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ «թրքական կործանիչը վար առնելու Սուրիոյ քայլը զգուշացում մըն է, թէ իր ուժերը կրնան Լիպիոյ դէմ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարած օդային գործողութեան նման որեւէ օդային յարձակումի դէմ արդիական պաշտպանութիւն կիրարկել»:

ՄԱԿ-ի հետաքննիչները երէկ սուրիական կառավարական ուժերը ամբաստանեցին մարդկային իրաւանց խախտումներ եւ քաղաքայիններ մահապատիժի ենթարկելու յանցանքով: Անոնք նաեւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները ամբաստանեցին սուրիացի զինուորներ չարչարելու եւ մահապատիժի ենթարկելու յանցանքով:

ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին խոստովանած է, որ այն ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, «իսկական պատերազմ» է: Ան նախարարաց խորհուրդէն պահանջած է օգտագործել գոյութիւն ունեցող բոլոր ներուժը` պատերազմին մէջ յաղթանակի հասնելու համար:

 

Leave a Reply

Advertisement