Thursday Jun 20, 2013

Թուրքիա Կը Վերականգնէ Ֆրանսայի Հետ Ռազմաարհեստագիտական Համագործակցութիւնը

By adminx - Thu Jun 28, 7:25 am

«ԵւրօՍԱՄ» հրթիռային միութեան համակարգերէն

«Տիֆենս Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա վերցուցած է Ֆրանսայի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները` վերականգնելով Փարիզի հետ ռազմաարհեստագիտական համագործակցութիւնը:

Համագործակցութիւնը պիտի վերականգնի զինուորական բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այսուհետեւ ֆրանսական ընկերութիւնները կրնան Թուրքիոյ վաճառել որեւէ տեսակի սպառազինութիւն:

Այժմ եւրոպական «ԵւրօՍԱՄ» հրթիռային միութիւնը, որուն բաժնետոմսերուն վերահսկիչ բաժինը կը պատկանի ֆրանսական ընկերութիւններուն, կրնայ վերականգնել հեռահաս հակաօդային հրթիռային համակարգերու մատակարարման թրքական մրցումին իր մասնակցութիւնը: Մրցումի յաղթողին հետ պիտի կնքուի չորս միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր:

Նշենք, որ Ֆրանսայի դէմ պատժամիջոցները հաստատուած էին դեկտեմբեր 2011-ին, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Leave a Reply

Advertisement