Thursday Jun 20, 2013

Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան Անդրանատոլեան Կազատարի Կառուցման Համաձայնագիր Ստորագրած Են

By adminx - Thu Jun 28, 7:24 am

Ալիեւ եւ Էրտողան

Իրանի ձայնասփիւռի կայանի հայերէն ռատիոժամը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ներկայութեան երէկ երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարները Պոլսոյ մէջ ստորագրած են Անդրանատոլեան (ԹԱՆԱՓ) կազատարի կառուցման համաձայնութիւնը:

Նշեալ կազատարին միջոցով Ազրպէյճանի Շահ Տենիզ հանքավայրէն կազը պիտի հասցուի Թուրքիա, այնտեղէն ալ` Եւրոպա:

Կազատարի կառուցումը 7 միլիառ տոլար պիտի արժէ, իսկ անոր առաջին հատուածը շահագործման պիտի յանձնուի 2018-ին:

Այս կազատարին միջոցով Ազրպէյճան ազրպէյճանական կազը Ուքրանիա արտահանելու հարցին մէջ Ռուսիայէն իր կախեալութիւնը պիտի նուազեցնէ:

 

Leave a Reply

Advertisement