Sunday May 26, 2013

Մոնթենեկրօ Մտադիր Է Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալ

By adminx - Thu Jun 28, 7:23 am

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին համաձայն գտնուած են Մոնթենեկրոյի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսելու:

Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ ուրբաթ օր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին այս որոշումին հաւանութիւն տան միութեան անդամ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները:

Այժմ Եւրոպական Միութեան անդամ է նախկին Եուկոսլաւիոյ մէկ հանրապետութիւն` Սլովենիան: Խրուաթիա, ինչպէս կ՛ակնկալուի, յաջորդ տարի պիտի միանայ միութեան, իսկ Մակեդոնիոյ հետ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւններ կը տարուին:

Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու պաշտօնական թեկնածու է նաեւ Սերպիա: Եւրոպական Միութիւնը Պոսնիան, ինչպէս նաեւ Քոսովոն կարողական թեկնածու կը նկատէ, սակայն այս երկիրները տակաւին Եւրոպական Միութեան դիմում չեն ներկայացուցած:

Նշենք, որ Մոնթենեկրօ արդէն որոշ ատենէ մը ի վեր իբրեւ դրամանիշ որդեգրած է եւրոն:

 

 

Leave a Reply

Advertisement