Չինաստանի Արտաքին Պարտքը Աւելի Քան 750 Միլիառ Տոլարի Հասած Է
By adminx - Thu Jun 28, 7:21 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
«ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի գործարար մամուլը, յղում կատարելով Չինաստանի դրամանիշի հսկողութեան պետական վարչութեան, երէկ հրապարակած է այն տուեալը, թէ Չինաստանի արտաքին պարտքի ծաւալը, առանց Հոնկ Քոնկը, Մաքաուը եւ Թայուանը հաշուելու, ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակի վերջաւորութեան հասած է 751.26 միլիառ տոլարի: Տարեսկիզբէն ի վեր այդ ցուցանիշը աւելցած է 8.1 առ հարիւրով:
Մասնաւորաբար, պարտքի բաղադրիչ հանդիսացող առեւտրական փոխառնութիւնները կը կազմեն 271.1 միլիառ տոլար: Արտաքին պարտքի շուրջ 77 առ հարիւրը տոլարային փոխառնութիւններ են, 8.2 առ հարիւրը` եւրոյով, իսկ 7.1 առ հարիւրը` ճափոնական ենով:
Փորձագէտները մասնաւորաբար կ՛ընդգծեն Չինաստանի կարճաժամկէտ պարտքային պարտաւորութիւններու ծաւալի աճը. ատոնք կը կազմեն պարտքի ամբողջ ծաւալի 74 առ հարիւրը կամ 557.7 միլիառ տոլար:
Մնացեալ 26 առ հարիւրը կարճաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ վարկեր են` 193.6 միլիառ տոլարի չափով:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս դրամանիշի հսկողութեան պետական վարչութենէն կ՛ընդգծեն, «աճող արտաքին պարտքը պիտի չազդէ Չինաստանի տնտեսական անվտանգութեան վրայ»: Փեքին աւելի քան բաւարար ոսկէարժութային պահեստներ ունի 3.3 եռիլիոն տոլարի չափով, ինչ որ կը ծառայէ իբրեւ երկրի պարտքերու հատուցման երաշխիք:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print



