Saturday May 25, 2013

Միջազգային Կարճ Լուրեր

By adminx - Thu Jun 28, 7:20 am

«ՔՈՒՏՍ ԱՐԱՊԻ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ յորդանանցի սալաֆականներ պետութեան ապահովական ուժերու ուշադրութենէն հեռու մահապատիժի ենթարկած են երիտասարդ մը, որ ամբաստանուած է Աստուծոյ ինքնութեան հայհոյելու յանցանքով: Սալաֆականները Յորդանանի Այն Պաշա շրջանին մէջ գնդակահարած են երիտասարդը, երբ իսլամութենէ անոր կրօնադարձութիւնը փաստուած է:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Եգիպտոսին կոչ ուղղեց` «վերջ տալու իր հողամասերէն Իսրայէլի հողամասերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն»: Ան խօսեցաւ «Սինայի մէջ ապահովութեան եգիպտական վերահսկողութեան մէջ վտանգաւոր վատթարացում»-ի մը մասին:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հետաքննութիւնները յստակ կերպով ցոյց տուած են, որ Իրան մեղսակից էր Հնդկաստանի, Թայլանտի եւ Վրաստանի մէջ չորս ամիս առաջ իսրայէլացի դիւանագէտներու դէմ կատարուած մահափորձերուն: Օրաթերթը նշեց, որ այդ մահափորձերը համակարգուած էին եւ գործադրուած են շուրջ 12 իրանցիներէ բաղկացած ցանցի մը կողմէ:

 

Leave a Reply

Advertisement