Sunday May 19, 2013

Ս. Սարգիս Եկեղեցի. Պարգեւատրում Բազմավաստակ Դպրապետ Եւ Ուսուցիչ Յակոբ Քէշիշեանի

By adminx - Thu Jun 28, 7:15 am

Հայ ազգը կանգուն պահող երեք սիւներն են եկեղեցին, ընտանիքը եւ դպրոցը: Եկեղեցին հոգեւոր կրթութիւն կը ջամբէ իր զաւակներուն, ընտանիքը ծնունդ կու տայ նոր սերունդի ծիլերուն, կը խնամէ ու կը մեծցնէ պատրաստելով ապագայ ազգի զաւակներ, իսկ դպրոցը ազգային կրթութիւն տալով կը կերտէ վաղուան յանձնառու եւ ազգային ոգիով թրծուած հայը: Այս երեք սիւները իրենց առաքելութիւնը կ՛ամբողջացնեն շնորհիւ անձնուէր եւ գիտակից հայորդիներու անսակարկ ծառայութեան ու զոհողութեան:

Այս առումով մեր եկեղեցական կեանքին ու յատկապէս Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերջին 50-ամեակի պատմութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմը ձգած է Յակոբ Քէշիշեան: Աւելի քան 50 տարիներ ան անդուլ կերպով ծառայած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ իբրեւ դպրապետ եւ երկար տարիներ իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է Ազգային Լուսինեան վարժարանին մէջ (ներկայիս` Ազգային Աքսոր Գասարճեան):

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ` չորեքշաբթի, 27 յունիս 2012-ին տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի երեկոյ` բազմավաստակ դպրապետ եւ ուսուցիչ Յակոբ Քէշիշեանի:

Արդարեւ, ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազանին, Կոմիտաս արք. Օհանեանի, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ժողովուրդին` կատարողութեամբ Շանթ Մեսճեանի, Մանուէլ Մինասեանի, Մարօ Սարգսեանի, Նժդեհ Պոտրումեանի, Երուանդ Քէշիշեանի, Րաֆֆի Թորոսեանի եւ Ռուպինա Զաքարեանի, որոնք հանդէս եկան շարականով, երգով, ասմունքով եւ նուագով:

Յայտագիրի ընթացքին Յակոբ Քէշիշեանի աշակերտներէն` ներկայիս Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան կենսագրական գիծերը ներկայացնելէ ետք վերյիշեց Յակոբ Քէշիշեանի նուրբ կարճ փայտէ գաւազանը` օգտագործուած երաժշտութեան չափի համար, մատնանշելով իր ճշդապահութիւնն ու բծախնդրութիւնը: Ա. Աղասարգիսեան յատկապէս նշեց, որ Երուսաղէմի վանքի ժառանգաւոր սան ըլլալով` Յակոբ Քէշիշեան աշակերտած է արեւմտահայ մեծանուն բանաստեղծ Յակոբ Օշականի: Ան ցարդ կը յիշէ Յ. Օշականի խրատականը, թէ «իւրաքանչիւրդ պիտի ծառայէք ազգին, ամէն մէկը` իր ձեւով»: Ա. Աղասարգիսեան իր խօսքը եզրափակեց երախտագիտութիւն յայտնելով օրինակելի ուսուցիչ Յակոբ Քէշիշեանի:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Կոմիտաս արք. Օհանեան: Ան մէջբերեց դպրեվանք մուտքի քննութիւն ընթացքին իրմէ պահանջուած երգ մը ներկայացնելու դրուագը: Ան ըսաւ, որ շարական սորված է Դամասկոսի Ազգային վարժարան յաճախած ատեն իր ուսուցիչէն` Յակոբ Քէշիշեանէն: Այս առիթով սրբազանը իր սորված թարգմանիչ վարդապետներու նուիրուած «նմանեալ Մովսէսի» շարականը մեկնաբանեց` յայտնելով իր երախտագիտութիւնը:

Հուսկ, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նշեց, որ այս երեկոն մարդկային արժէքներու գնահատման շրջագիծին մէջ է: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ մեր պարտականութիւնն է գիտակցիլ, արժեւորել եւ գնահատել: Ապա վերյիշեց, թէ ժամանակին դպրապետը նաեւ դաստիարակ մըն էր, եւ դպրաց դասի անդամները հետեւելով դպրապետին թելադրանքներուն բծախնդրութեամբ կը կատարէին արարողութիւնները: Առաջնորդ սրբազանը դպրապետին նուիրուած գնահատանքի այս օրը անսակարկ նուիրումի արժեւորման օր որակեց: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն անսակարկ կերպով ծառայելու վստահելով ամենակալ Աստուծոյ վարձատրութեան:

Ապա ընթերցուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր գնահատանքի գիրը` ուղղուած դպրապետ Յակոբ Քէշիշեանի 50-ամեայ վաստակին:

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ դպրաց դասը իրենց կարգին յատուկ յուշանուէրներով պատուեցին եկեղեցւոյ երկար տարիներու բազմավաստակ դպրապետը:

Հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն` եկեղեցւոյ «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement