Sunday May 26, 2013

Իմ Մայրիկիս Տօնն Է Այսօր

By adminx - Thu Jun 28, 5:36 am

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի նախակրթարանի աշակերտները խանդավառ եռուզեռի մէջ էին` մայրերու տօնը նախորդող շաբթուան ընթացքին:

Անոնք իրենց մայրիկներուն համար արդէն իսկ պատրաստած էին իւրայատուկ հրաւէրներ, անձամբ զարդարած զանոնք ու անոնց մէջ տեղադրած` մօր նուիրուած հայերէն երգերու փունջ մը պարփակող խտասալիկներ: Անոնք  նախակրթարանի պատասխանատուին ու արուեստի ուսուցիչներուն   հսկողութեամբ կը կատարէին հանդէսի փորձերը, մինչ դասաւանդ ուսուցչուհիները կը դասաւորէին, տարեշրջանին ընթացքին աշակերտակերտներու կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքները, գիտական որմազդներն ու փորձարկումները` կայանալիք ցուցահանդէսին համար:

Վերջապէս հասաւ սպասուած օրը:

Մայրեր, մեծ մայրիկներ ու նաեւ հայրեր ու հարազատներ լեցուցած էին քոլեճին հանդիսասրահը:

Հանդէսին բեմավարութիւնը ստանձնած էին վեցերորդ դասարանի աշակերտները, որոնցմէ  Բալիկ Կիւլեան կատարեց բացման խօսքը: Ապա բեմ բարձրացան առաջին դասարանի աշակերտները, որոնք հայերէն ու արաբերէն արտասանութիւններով, երգերով  ու զոյգ հայկական պարերով իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց մայրերուն:

Ապա երկրորդ դասարանի աշակերտները իրենց փոքրիկ հարուածային նուագարաններով ներկայացուած եղանակներով, «Իմ անունը Հայաստան է» ու Ներսիկի ազգային պարերով, «Անուշ մայրիկ» ու  «Մայրիկիս տօնն է այսօր» երգերով, ու « Մայրերու օր» ասմունքով ջերմացուցին իրենց մայրերուն սրտերը:

Երրորդ դասարանը հանդէս եկաւ  հայերէն ու արաբերէն ասմունքներով: Յատկանշական էր «Իմ պապիկի Հայաստան» երգին կատարումը, որուն ընթացքին  թէ՛ երգը, թէ՛ չափական նուագը ու  դաշնակի ընկերակցութիւնը կատարուեցան Գ. կարգի աշակերտներուն կողմէ: Դասարանին պարախումբը  գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց արաբական արտայայտչական պար մը:

Վեցերորդ դասարանէն  Պարոյր Գույումճեան հարազատ ու արտայայտիչ ձեւով ասմունքեց Ա. Իսահակեանի «Մօր սիրտը», որմէ ետք չորրորդ դասարանը ներկայացուց «Լիլի» ու «Նուպար» պարերը եւ «Մայրս» խմբերգը: Լիբանանի վարժարաններու ախոյեան (միջակ երկսեռ խումբերու) Դ. դասարանի պարախումբը նաեւ իր  «Տեպքէ»-ով գրաւեց ներկաները :

Հինգերորդ դասարանէն Անժելա Սալորեան ասմունքեց Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը, Վինսընթ Եուսեֆ մեներգեց «Մայրիկ ջան» երգը, «Գիշեր ցերեկ» խմբերգն ու «Հանիննա» պարը, իսկ վեցերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը»:

Յատկանշան էր, որ իւրաքանչիւր դասարանի կատարումի աւարտին աշակերտները իրենց մայրերն ու դաստիարակները կը պատուէին` բեմին վրայ զետեղուած ծաղիկները նուիրելով անոնց:

Օրուան անակնկալն էր  Լիբանանի վարժարաններու պարի ախոյեան մեծ աղջիկներու խումբին ներկայացուցած «Խաղաղութիւն» արտայայտչական պարի կատարումը:

Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն   Զոհրապ Ղազարեան: Տնօրէնը վեր առաւ մօր դերը ընդհանրապէս ու հայ մօր զոհաբերութիւնը մասնաւորապէս, իր զաւակներուն մարդկային ու ազգային դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ  հանգիստ ու բարօր կեանքի ապահովման  ջանքին մէջ:

Ապա տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ու ծաղկեփունջով պատուեց քոլեճի պարի դասատու Անի Կոստանեանը` իր անսակարկ նուիրումին համար, որուն շնորհիւ քոլեճը երրորդ տարին ըլլալով` կը տիրանայ  Լիբանանի պարի միջդպրոցական մրցանքի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի պատասխանատու` Լենա Ճինպաշեանը` ձեռնարկի յաջողութեան մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին նախակրթարանի բոլոր աշակերտները, թէ՛ բեմին վրայ եւ թէ՛ սրահի տարածքին, ձեռք – ձեռքի ու եռագոյնները պարզած պարեցին «Եռագոյն»  երգի եղանակի կշռոյթով, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան կողքի սրահը` դիտելու աշակերտական  ցուցահանդէսը:

Leave a Reply

Advertisement