Նորաձեւութիւն. Արեւի Ակնոցներ
By adminx - Thu Jun 28, 5:32 am
- 0 Comments
- 247 views
- Tweet
Email
Print
Ակնոց մը գնելէ առաջ նախ լաւապէս քննեցէք ձեր դէմքը եւ ճշդեցէք անոր ձեւը: Այսպէս, կան քառակուսի, եռանկիւն եւ կլոր դէմքեր: Ճշդելէ ետք ձերը, կարդացէք ստորեւ տրուած թելադրանքները եւ յետոյ մեկնեցէք ակնոցավաճառին խանութը:
Ա.- Քառակուսի դէմք ունեցողները պէտք է կրեն քիչ թէ շատ կլոր շրջանակով ակնոցներ: Մասնաւորաբար պէտք է խուսափին քառակուսի շրջանակներէն:
Բ.- Եռանկիւն դէմք ունեցողները պէտք է կրեն ձուաձեւ ակնոցներ: Մասնաւորաբար պէտք է խուսափին շատ մեծ շրջանակներէն:
Գ.- Կլոր դէմք ունեցողները պէտք է կրեն քառակուսի կամ քառանկիւն շրջանակով ակնոցներ: Մասնաւորաբար պէտք է խուսափին կլոր շրջանակներէն:
Նորաձեւութիւն
Սեւ-Ճերմակ
Տարուան բոլոր եղանակներուն համար սեւն ու ճերմակը կը մնան ձեւագէտներուն նախասիրած գոյները:
Բոլոր ձեւագէտներն ալ ցերեկային կամ գիշերային հագուստներուն մէջ անպայման տեղ պահած են այս դասական զոյգ գոյներուն:
Գործի հետ կապուած հարցազրոյցներու, կէս պաշտօնական հաւաքոյթներու, ժողովներու պարագային, լաւագոյն ընտրութիւնը պիտի ըլլայ սեւով ճերմակ հագուստը, որ ըստ մասնագէտներու կը խորհրդանշէ լրջութիւն, դասականութիւն, մտքի կազմակերպութիւն եւ հաւասարակշռուած նկարագիր…
Ստորեւ նկարներուն վրայ կը տեսնենք այս ամրան հաւաքածոյէն երեք տարբեր նմուշներ:
Այլազան
Քարերու Լեզուն – Զմրուխտ
Զմրուխտը սիրոյ դիցուհի Վենիւսին քարն է: Շատ նուրբ քար է եւ բարեկամութիւնները ամրապնդելու յատկութիւնը ունի:
Զմրուխտին գոյնը կանաչ է, մոլորակը` լուսինը: Այս քարը կը խորհրդանշէ իսկական սէրը, հաւատարմութիւնը, ուժն ու երջանկութիւնը:
Զմրուխտին յատկութիւնները շատ են: Անիկա կը նպաստէ սահուն արտայայտութեան, կը զօրացնէ յիշողութիւնը, կը հանդարտեցնէ կիրքերը եւ կ՛օգնէ, որ հարցերը պայծառ, յստակ տեսնենք:
Զմրուխտը ունի նաեւ բուժիչ յատկութիւններ` գլխաւորաբար աչքին եւ տեսողութեան հետ կապուած:
Վերջապէս, զմրուխտին բարիքներէն օգտուելու համար զայն պէտք է կրել որպէս մատանի, օղ կամ ապարանջան:
Ուշադի՛ր, զմրուխտը օրական կարելի չէ կրել մարմնին վրայ իր զօրաւոր շողարձակումներուն պատճառով:
Իմացէք նաեւ, որ զմրուխտը կրնայ անհաւատարմութիւն մը բացայայտել` իր գոյնն ու փայլքը փոխելով:
Հետաքրքրական
Կենցաղավարութիւնը`
Աշխարհի Տարբեր Երկիրներու Մէջ
- Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի մէջ կռթալը կամ գետին թքնելը կոպիտ արարք համարուած չէ:
- Ճափոնի մէջ խնչելը շատ անյարմար արարք է:
- Թայուանի եւ Հոնկ Քոնկի մէջ փռնգտալու համար մարդիկ սենեակէն դուրս կը վազեն…
- Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ համբուրուիլը շատ ընդհանրացած ձեւ է բարեւելու: Շատ մը երկիրներ վերապահ են այս ձեւին եւ կը նախընտրեն իրարու ձեռք սեղմելը, խոնահիլը կամ ձեռքերը իրարու միացուցած` գլխու թեթեւ խոնարհումը:
- Գերմանիոյ մէջ ծաղկեփունջ մը երբեք իր ծրարով չի նուիրուիր, պէտք է ծաղկեփունջը թուղթէն հանած նուիրել` նոր քաղուածի տպաւորութիւնը ձգելու համար:
- Ճափոնի մէջ նուէրին ծրարը շատ աւելի կարեւոր է, քան` պարունակութիւնը:
- Չինաստանի մէջ ամօթ է նուէրին ծրարը բանալ` նուիրողին ներկայութեան:
- Գերմանիոյ մէջ ձեւականութեան մեծ կարեւորութիւն չի տրուիր: Մինչ մենք քաղաքավար ձեւերու մասին կը մտածենք մեզի ուղղուած հրաւէր մը մերժելու համար, գերմանացիք կը բաւարարուին «պիտի չգամ» կամ «հաւաքոյթին պիտի չգամ, կը նախընտրեմ ծովափ երթալ» երկտողով մը…
- Սպանիոյ, Յունաստանի եւ Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ ժամադրութիւն չյարգելը ընթացիկ երեւոյթ է: Այսպէս, մարդիկ կրնան մէկ ժամով խախտել իրենց ժամադրութիւնները. մինչդեռ Գերմանիոյ մէջ ճշդապահութիւնը հաւասար է վստահելիութեան: Վերջապէս, Չինաստանի մէջ 5 վայրկեանի ուշացում մը` եւ արդէն խնդրոյ առարկան վարկը կորսնցուցած է…
- Հնդկաստանի եւ կարգ մը այլ երկիրներու մէջ շնորհակալութիւն բառը հազուադէպօրէն կը գործածուի: Այս բառը մակերեսային եւ անտեղի համարուած է ընկերութիւններու մէջ, որոնք հիմնուած են փոխադարձ զօրակցութեան եւ պարտաւորութիւններու գիտակցութեան վրայ:
- Հնդկաստանի մէջ մարդիկ կը խուսափին «Ոչ» բառը գործածելէ, մարդիկ կրնան իսկ սխալ ուղղութիւն մը բացատրել անցորդի մը` փոխանակ խոստովանիլ, թէ հարցուած տեղը չեն գիտեր…
- Չինաստանի մէջ անընդունելի է պակեթ հացերը սեղանին վրայ խաչաձեւ դնելը:
- Հնդկաստանի մէջ անընդունելի է կաշի պայուսակ կամ կօշիկ նուիրելը. կովերը սրբազան են:
- Եգիպտոսի մէջ անընդունելի է, որ կին մը ճամբան ծխէ:
- Անգլիոյ մէջ անընդունելի է, որ շարքի մէջ կարգ սպասողը տրտնջայ:
- Սպանիոյ մէջ անընդունելի է, որ ցլամարտը քննադատուի:
- Յունաստանի մէջ անընդունելի է, որ ճաշարանի մը կամ սրճարանի մէջ «թրքական» սուրճ ապսպրուի:
- Իտալիոյ մէջ անընդունելի է, որ հացը դանակով կտրուի:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ճի՞Շդ, Թէ Սխալ…
1
Հում բանջարեղէն ուտելը կ՛ուռեցնէ եւ կազ կը պատճառէ:
ՃԻ՛ՇԴ: Այս անպատեհութենէն ձերբազատելու համար պէտք է քիչ քանակութեամբ սկսիլ եւ աստիճանաբար աւելցնել. միեւնոյն ատեն պէտք է շատ լաւ ծամել զանոնք` նախքան կլլելը:
2
Հում բանջարեղէնները քացախով պատրաստուած թացանի հետ աւելի մարսողական կը դառնան:
ՃԻ՛ՇԴ: Քացախը կը դիւրացնէ հում բանջարեղէններու բնաթելերու մարսողութիւնը: Միեւնոյն ատեն խնձորի քացախը եւ պալսամիք քացախը առաջքը կ՛առնեն ստամոքսի այրուածքին կամ թթուածութեան:
3
Հետեւողականօրէն քիչ մը կաղամբ ուտելով` մենք մեզ կը պաշտպանենք քաղցկեղէն:
ՍԽԱԼ: Գիտականօրէն ոչ մէկ բանջարեղէն օժտուած է քացկեղը արգիլելու կարողութեամբ: Բայց եւ այնպէս կաղամբը կը վայելէ քաղցկեղը որոշ չափով կանխարգիլելու յատկութեամբ:
Որպէսզի կաղամբը իր նպատակին հասնի, պէտք է զայն ուտել հում: Նաեւ պէտք է խուսափիլ կերպընկալ ծրարներու մէջ վաճառուող սառած կաղամբներէն, քանի որ անիկա կը կորսնցնէ իր յատկութիւններուն մէկ կարեւոր բաժինը:
4
Բանջարեղէնները պէտք չէ կեղուել, քանի որ անոնց բոլոր առաւելութիւնները կեղեւին մէջ խտացած են:
ՃԻ՛ՇԴ, սակայն… կարգ մը կեղեւներ կարծր եւ դժուարամարս են եւ ուրիշ ելք չունինք:
5
Ստեպղինը կը գունաւորէ մեր մարմինը:
ՍԽԱԼ է այն համոզումը, որ ստեպղինը ուտելով` մարմինը քիչ-քիչ պղնձագոյն գոյն կը ստանայ:
Միւս կողմէ, սակայն, քարոթենով հարուստ ստեպղինը, օրական երկու հատ ուտելու պարագային, մորթին առողջ երեւոյթ կու տայ:
Վերջապէս, ստեպղինին պարունակած անթիօքսիտանները կ՛օգնեն, որ մարմինը պաշտպանուի ամրան եղանակի արեւի կիզիչ եւ վնասակար ճառագայթներէն:
Խոհագիր
Հաւով Շաուրմա
1 քկ. հաւու կուրծք` առանց մորթի
1/4 թէյի դգալ փոշի մշկընկոյզ (նաթմեկ)
1/4 թէյի դգալ աղտոր (սումաք)
1 թէյի դգալ 7 տեսակ համեմ (պահար)
5-6 կտոր մուշկ (մեզտեքի) ծեծուած պտղունց մը աղով
1/4 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
1/2 գաւաթ ձէթ
5-6 պճեղ սխտոր` ճզմուած
2 միջակ սոխ` մանրուած
1 կանաչ պղպեղ` խորանարդաձեւ կտրուած
1 տուփ մանրուած սունկ
1/2 ապուրի դգալ վայրի ծոթրին (oregano)
Աղ եւ ճերմակ փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Հաւը սառցարանը (ֆըրիզըրը) ձգել 1 ժամ, որպէսզի կարենանք դիւրաւ երիզանման շերտերու վերածել:
Խառնել վերոնշեալ բոլոր բաղադրութիւնները միասին եւ ծածկուած ձգել սառնարանին մէջ, որ հաւը աղաջրուի նուազագոյնը 24 ժամ:
Հանել սառնարանէն, դնել փայրեքսին կամ ափսէի մը մէջ եւ փուռին մէջ եփել, մինչեւ որ միսը կակուղնայ:
Հիւրասիրել արաբական հացին մէջ դնելով` սխտորի թացանի, տապկուած գետնախնձորի, կանաչ բանջարեղէնի, թթուաշի ու մանրուած հազարի ընկերակցութեամբ:
ԾԱՆՕԹ. Շաուրման կարելի է դնել փոքր չափի արաբական հացի մէջ, զարդարել մանրուած հազարով եւ թթուաշով ու հիւրասիրել որպէս ախորժաբեր:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ա՛խ, քեզ ինչպէ՞ս ասել, որ քեզ յիշում եմ դեռ,
Ինչպէ՞ս չասել, որ դու դեռ թանկ ես ինձ համար,
Ինչպէ՞ս մեզ բաժանող արգելակը քանդել,
Ինչպէ՞ս չգալ քեզ մօտ, ինչի՞ համար:
Ինչպէ՞ս չասել, որ` դու, միայն դո՜ւ չես թախծում,
Ինչպէ՞ս ասել, որ ես ծնուել եմ քեզ համար,
Ինչպէ՞ս չասել, որ ես միշտ էլ քեզ եմ տենչում,
Սակայն ինչպէ՞ս ասել, ինչի՞ համար:
Չէ՞ որ բաժանուեցինք կարծես մեր ցանկութեամբ,
Եւ այսօրը պարզ էր ի՛նձ, եւ քե՛զ համար…
Հիմա ինչո՞ւ ցաւել անցած երջանկութեամբ,
Եւ չցաւե՞լ, ինչո՞ւ, ինչի՞ համար:
Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս ասել` նորից արի՛, արի՜,
Ինչպէ՞ս չասել, որ ես ապրում եմ քե՛զ համար:
Գէթ չխոստովանե՞լ ցաւը մեր սրտերի,
Խոստովանե՞լ, ինչո՞ւ, ինչի՞ համար…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
1946
Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
- 0 Comments
- 247 views
- Tweet
Email
Print







