Friday May 24, 2013

Ընդունելով Աւստրիոյ Նախագահը` «Ղարաբաղեան Տագնապին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը Մարտահրաւէր Է Ոչ Միայն Շրջանին, Այլեւ Եւրոպայի Համար» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

By adminx - Wed Jun 27, 7:53 am

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով նախանցեալ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր իր կնոջ` Մարկրիթ Ֆիշըրի հետ:

Երէկ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեցին երկու երկիրներու նախագահներուն բանակցութիւնները նեղ, ապա` ընդլայնուած կազմով:

Հայաստանի եւ Աւստրիոյ նախագահները բանակցութիւններու արդիւնքները ներկայացուցին միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, իսկ մինչ այդ, երկու երկիրներու նախագահներուն մասնակցութեամբ, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարը եւ Հայաստանի մէջ Աւստրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը զարգացման ուղղուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիր ստորագրեցին Հայաստանի կառավարութեան եւ Աւստրիոյ  կառավարութեան միջեւ:

Երէկ Աւստրիոյ նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը մարտահրաւէր է ոչ միայն շրջանին, այլ նաեւ Եւրոպայի համար:

Ըստ անոր, Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ անհիմն ինքնավստահութիւնը լարուածութիւն կը ստեղծեն Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ: Այդ պատճառով ալ վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական սադրանքներու իբրեւ հետեւանք զոհուեցան երիտասարդ զինուորներ, իսկ իրավիճակը լարուած է:

«Մենք չենք տեսներ ղարաբաղեան տագնապի լուծման այլընտրանք, բացի խաղաղ լուծումէն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ», ընդգծեց Հայաստանի նախագահը: Ան նշեց, որ քանի մը օր առաջ մեքսիքական Լոս Քապոս քաղաքին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը համանախագահող երկիրներու նախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն պահպանելու զինադադարի դրութիւնը` շեշտելով, որ տագնապը պէտք է լուծուի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն հիման վրայ:

«Մենք պատրաստ ենք առաջ ընթանալ այդ սկզբունքներուն հիման վրայ, եւ որքան շուտ լուծուի հարցը, այնքան մենք աւելի ուրախ պիտի ըլլանք: Հարցի շուտափոյթ լուծումը կը բխի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներուն շահերէն», նշեց Հայաստանի նախագահը` յոյս յայտնելով, որ միջազգային հանրութիւնը արդէն հասկցած է, որ խոչընդոտներ ստեղծողը Ազրպէյճանն է` իր վարած քաղաքականութեամբ:

Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ խօսքով համաձայնելով այդ երեք սկզբունքներուն` Ազրպէյճան իրականութեան մէջ կ՛ընդունի անոնցմէ միայն մէկը` տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, բացառելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ տագնապներու խաղաղ լուծումը:

Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր նոյնպէս համոզում յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապը չի կրնար լուծուիլ ուժային միջոցներով: «Ես 100 առ հարիւր կը պաշտպանեմ սկզբունքը, ըստ որուն, երբ խօսքը կը վերաբերի հազարաւոր մարդոց ճակատագիրներուն, խնդիրը չի կրնար լուծուիլ ուժի դիրքերէն», ըսաւ ան` առանձնայատուկ կերպով շեշտելով շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ Ֆիշըրի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է շարունակէ իր ջանքերը: «Միջնորդները ներուժ ունին` խնդիրը լուծելու, բայց անհրաժեշտ է համբերութիւն ցուցաբերել»,  ըսաւ ան:

Leave a Reply

Advertisement