Thursday May 23, 2013

Մանոյեան. «Նիւ Եորքի Նահանգապետի Գրասենեակին Մէջ Ազրպէյճանական Բանաձեւէն Տեղեակ Չեն Եղած»

By adminx - Wed Jun 27, 7:50 am

Որոշ լրատուական կայքեր տեղեկութիւն տարածած էին, թէ 27 մարտ 2012-ին Նիւ Եորքի նահանգապետ Էնտրու Մ. Քումոն ընդունած էր բանաձեւ մը, որով 31 մարտը Նիւ Եորքի մէջ կը ճանչցուի իբրեւ «Ազրպէյճանական յիշատակի օր»:

Բանաձեւին մէջ նշուած է, թէ իբր 30 մարտ 1918-ին ՀՅԴ-ի ու պոլշեւիկներու կողմէ սկիզբ առած է ազրպէյճանցիներուն դէմ «ցեղասպանութիւնը», որուն զոհ գացած են  շուրջ 20 հազար անմեղ ազրպէյճանցիներ` ծերեր, կիներ, երեխաներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան eMedia.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այդ տեղեկատուութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ:

«Նահանգապետին կողմէ այսպիսի բանաձեւ չէ ընդունուած, աւելի՛ն, նահանգապետին գրասենեակին մէջ տեղեակ ալ չեն եղած նման բանաձեւի գոյութեան մասին», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: Ան ընդգծեց, որ այդպիսի բանաձեւերը Նիւ Եորքի օրէնսդրական մարմինին մէջ կ՛ընդունուին ոչ պաշտօնական հոլովոյթի միջոցով, երբ հիմնականին մէջ չեն կատարուիր քննարկումներ, եւ նոյնիսկ քուէարկութիւն կրնայ տեղի չունենալ` հաշուի առնելով անոնց աննշան դերը:

Այդ բանաձեւի պարագային ալ որեւէ քուէարկութիւն չէ կատարուած: Կիրօ Մանոյեան նաեւ նշեց, որ այդ տեղեկութիւնները հաստատած են նաեւ օրէնսդրական մարմինէն` նշելով, որ բանաձեւը պարզապէս ընդունուած է, բայց քուէարկութեան չէ դրուած:

«Իրականութեան մէջ, ամէն շաբաթ հարիւրաւոր նման կարգի «բանաձեւեր» կ՛ընդունուին, ըսենք որեւէ յայտնի քաղաքացիի 50-ամեակը կամ ալ պասքեթպոլի խումբի որոշ ձեռքբերում նշելու առնչութեամբ», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Փաստօրէն այնքան անկարեւոր էր ատիկա, որ 3 ամիս տեւած է, որ ազրպէյճանցիները իրենք այդ մասին իմանան ու ազրպէյճանական լրատուամիջոցներէն 3 ամիս ուշացումով նաեւ կու գայ մտնելու մեր լրատուական դաշտին մէջ»:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement