Thursday May 23, 2013

Վարչապետարանին Մէջ Միքաթի – Փաուլի Հանդիպում

By adminx - Wed Jun 27, 7:35 am

Դեսպան Փաուլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ ունեցած է աշխատանքային բացառիկ հանդիպում մը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ, որ վարչապետին ներկայացուց Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Արաբական ժողովրդային շարժումներու խորհուրդի հիմնադրութեան խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ բաց սահմաններու եւ տնտեսական միասնականութեան կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատն ու պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Քարաան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Սուտանի եւ Եմէնի դեսպաններ Իտրիս Սլէյման եւ Ֆայսալ Ամին Ապու Ռաս:

ՄԻՒՍ կողմէ, վարչապետ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի երէկ վարչապետին հարցուցած է Ազգային երկխօսութեան նիստին մանրամասնութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ քաջալերած լիբանանցի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութիւնը:

Leave a Reply

Advertisement