Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Wed Jun 27, 7:28 am
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print
ԻՏԱԼԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Ճուլիօ Ակաթա այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կը ժամանէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք մտահոգ է գործուելիք սպանութիւններով, եւ տուեալները ցոյց կու տան, թէ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջեւ խտրութիւն չկայ այդ առումով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Քոնելլի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի, որուն յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն յանձնառու է օժանդակելու ներքին ապահովութեան ուժերուն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նախանցեալ օրուան Ազգային երկխօսութեան նիստը շատ աւելի լաւ ընթացած է, քան երկու շաբաթ առաջ տեղի ունեցած նիստը:
ԵՐԷԿ կէսօրէ առաջ անծանօթներ յարձակեցան Տըպպայէի «Լիպանօ Ֆրանսեզ» դրամատունը, ուրկէ 100 հազար տոլարի գումար մը գողցան:
ԺՈՒՆԻԷԻ «Սայիտաթ Լուպնան» հիւանդանոցին կից գտնուած են երկու ռումբեր եւ ական մը, որոնք ստուգուած են բանակի սակրաւորներուն կողմէ եւ ի յայտ եկած է, որ անոնք հին են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան արժէքները ամէն բանէ վեր են եւ անոնք ամուր կը մնան:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ սկսած հարցերը ամբողջ Լիբանանի վրայ կ՛ազդեն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը պատասխանատու է Լիբանանի ապահովական խախտումներուն: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը կը փափաքի հզօրացնել բանակը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ պետական պիւտճէի նախագիծը կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն շահեր ապահովող նախագիծ մըն է, ինչպէս նաեւ բացառիկ կերպով պատրաստուած ընտրական ծրագիր մը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Ժամաա Իսլամիէի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Ասաատ Հարմուշ յայտնեց, որ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի յաղթանակը իրենց գործունէութեան համար նոր ազդակ մը պիտի ըլլայ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ կատարելով Մերժահիունի, Պընթ Ժպէյլի, Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ: Իսրայէլեան օդանաւերը ցած մակարդակի թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կողմէ իմաստուն քայլ մը չէր ապահովական հսկողութեան յատուկ ամիսին մասին շաբաթ մը առաջ յայտարարելու իրականութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի մաղթեց, որ Շարպելի կատարած յայտարարութիւնները` երկրին ապահովական կացութիւնը ամրապնդելու մասին, ճիշդ դուրս գան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ հեղինակութիւն մը «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու բոլոր տարրերը առկայ են եւ երկրին կացութիւնը որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Ռուսիա իր վստահելիութիւնն ու արժանապատուութիւնը
կորսնցուցած է եւ դարձած է արաբ ժողովուրդին թշնամին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է` լուծելու լիբանանեան ներքին հարցերը, իսկ կառավարութեան հրաժարականին պահանջը առաջնահերթութիւն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին հանդիպում մը ունեցաւ Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան հետ: Ան շեշտեց, որ Մոսկուա յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան զօրակցելու` աւելցնելով, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը դրուատիքի արժանի է:
Զասպիքին այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
- 0 Comments
- 8 views
- Tweet
Email
Print



