Thursday May 23, 2013

Ըստ Բրիտանական «Էմ. Այ.5»-Ի Ղեկավարին Քայիտա Կը Փորձէ Իր Ծննդավայրը` Միջին Արեւելք Վերադառնալ

By adminx - Wed Jun 27, 7:27 am

Ճանըսըն Էվընզ

Բրիտանական «Էմ.Այ.5» գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Ճանըսըն Էվընզ յայտնեց, որ «հետզհետէ աւելի մեծաթիւ բրիտանացիներ «Արաբական գարնան» երկիրներուն մէջ ահաբեկչական արարքներ կատարելու մարզում կը ստանան: Ան զգուշացուց, որ «Արաբական գարնան» երկիրները անկայուն են, եւ Քայիտայի անդամներ ու բրիտանացի ծայրայեղականներ այդտեղ կը դիմեն ահաբեկչական արարքներու մարզում ստանալու համար:

Էվընզ անցնող երկու տարուան ընթացքին իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ նշեց, որ «փաստեր գոյութիւն ունին, որ «կարողական ժիհատականներ» Միջին Արեւելք կը մեկնին` մարզուելու եւ զինուորական աշխատանքներ տանելու համար»:

Բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ Քայիտա թալեպաններու տապալումէն ետք Աֆղանիստանէն Փաքիստան անցնելէ ետք ներկայիս կը փորձէ իր ծննդավայրը` Միջին Արեւելք վերադառնալ: «Արաբական աշխարհի կարգ մը շրջանները այսօր անգամ մը եւս Քայիտայի համար նպաստաւոր վայրի վերածուեցան», նշեց ան:

Leave a Reply

Advertisement