Tuesday Jun 18, 2013

«Ասատի Վարչակազմը Սկսած Է Թուրքիոյ Եւ Անոր Ապահովութեան Սպառնալ» Կ՛ըսէ Էրտողան

By adminx - Wed Jun 27, 7:25 am

Թրքական զինուորական կազմ ու պատրաստ վիճակ` Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ թրքական խորհրդարանին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ կողմէ թրքական պատերազմական օդանաւին վար առնուելուն հարցին: Ան ըսաւ, որ օդանաւը վար առնուած է միջազգային օդային տարածքին եւ ոչ թէ սուրիական օդային տարածքին մէջ` նշելով, որ «մեզի համար ներկայիս կարեւորը մեր օդաչուները գտնելն է»:

Թուրքիոյ վարչապետը շեշտեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի Թուրքիայէն պահանջելու, որ աշխարհի մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ ձեռնածալ մնայ: «Թուրքիա չի կրնար եղբայրական եւ բարեկամ երկիրներուն կռնակ դարձնել», ըսաւ ան:

Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա դրացի կամ հեռաւոր երկիրներու հողերուն նկատմամբ ախորժակներ չունի` շեշտելով, որ «Թուրքիա շրջանի երկիրներուն ներքին հարցերուն պիտի չմիջամտէ»: Ան յայտնեց, որ «Սուրիոյ նկատմամբ մեր կեցուածքը պատճառ պիտի չդառնայ, որ պետութիւնն ու բանակը անպատասխանատու կեցուածքի մղենք»:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա, Սուրիա, Լիբանան, Իրաք եւ Պաղեստին մէկ ձեռքի մատներու պէս են: «Մենք ոչ ոքի համար միջնորդ կամ ոչ ոքի գործակալ չենք, այլ` անկախ պետութիւն մը, որ իր կամքով կը շարժի», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ «Ասատի վարչակազմը սկսած է Թուրքիոյ եւ անոր ապահովութեան սպառնալ»` աւելցնելով, որ «աչք պիտի չխփենք սահմանին վրայ սուրիական ուժերուն ներկայացուցած սպառնալիքներուն նկատմամբ»: Ան նշեց, որ «սուրիական որեւէ ուժ, որ մեր սահմաններուն կը մօտենայ, զինուորական թիրախ պիտի նկատուի»:

Էրտողան նշեց, որ «միջազգային օրէնքին հիմամբ թրքական օդանաւի վար առնուելուն պատասխանին իրաւունքը մեզի կը վերապահենք»` ընդգծելով միաժամանակ, որ «Թուրքիա սուրիացի ժողովուրդը բռնատիրութենէն ազատագրելու համար անհրաժեշտ ամէն տեսակի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիա սկսած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ հրասայլերով եւ հրետանիով բեռնաւորուած 15 երկար բեռնակառքեր տեղակայել:

ՕԹԱՆ երէկ Թուրքիոյ պահանջով Պրիւքսելի մէջ ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար թրքական օդանաւին վար առնուելուն հարցը: Ժողովէն ետք, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն յայտնեց, որ դաշինքի անդամները դատապարտած են  թրքական օդանաւը վար առնելու Սուրիոյ քայլը եւ զայն «անընդունելի» նկատելէ ետք պահանջած, որ Դամասկոս նմանօրինակ քայլերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու քայլեր որդեգրէ:

Ան նշեց, որ դաշինքի ապահովութիւնը անմասնատելի է, սակայն դաշինքի 5-րդ յօդուածը, որ անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` անոնցմէ մէկուն դէմ յարձակումը բոլորին դէմ յարձակում նկատելու, չէ քննարկուած: «Զօրակցութեան ոգիով Թուրքիոյ կողքին կը կանգնինք», ըսաւ ան եւ նշեց, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ զինուորական մագլցում մը չի նախատեսեր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ կողմէ թրքական օդանաւին վար առնուիլը պէտք չէ գրգռիչ կամ դիտաւորեալ արարք մը նկատել:

Ռուսիոյ ծովուժի հրամանատար ծովակալ Վիքթոր Չիրքով «Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռուսիա մտադիր չէ Թարթուսի նաւահանգիստին մէջ գտնուող իր ծովային զօրակայանէն հրաժարիլ:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ էմիրաթական «Պայան» օրաթերթին յայտնեց, որ «Թուրքիա ինքզինք որեւէ ձեւով պաշտպանելու կեցուածքին մէջ կը գտնուի»` կոչ ուղղելով «թուրքերու համբերութիւնը չփորձելու»: Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին ըսաւ, որ  սուրիական վարչակարգը սխալներ կը գործէ, սակայն իրենք «չսերտուած հակազդեցութիւն» պիտի չցուցաբերեն:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա կ՛ընդունի 30 յունիսին Ժընեւի մէջ նախատեսուած եւ ՄԱԿ-ի ու Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչին կողմէ կազմակերպուած Սուրիոյ շուրջ ժողովին մասնակցիլ:

Leave a Reply

Advertisement