Sunday May 19, 2013

Եգիպտոսի Փոխնախագահներ Պիտի Նշանակուին Ղպտի Մը Եւ Կին Մը

By adminx - Wed Jun 27, 7:24 am

Մոհամետ Մուրսի

Եգիպտոսի նորընտիր նախագահի քաղաքական խորհրդական Ահմետ Տէյֆ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ պիտի նշանակուին երկու փոխնախագահներ, որոնցմէ մէկը` ղպտի, իսկ միւսը` կին, եւ անոնք իրաւասութիւններ ու իշխանութիւն պիտի ունենան:

Ան նշեց, որ այս նշանակումները նախագահական օրակարգին վրայ գոյութիւն ունեցող քայլերուն առաջինն են: Տէյֆ աւելցուց, որ «Եգիպտոսի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը այս պաշտօնին պիտի նշանակուի եւ այդ պաշտօնը պարզապէս տիտղոս մը պիտի չըլլայ, այլ` փոխնախագահի պաշտօնը իրաւասութիւններ եւ իշխանութիւն պիտի ունենայ»:

Եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր առաջնորդ Խայրաթ Շաթեր երկուշաբթի ուշ գիշերին հանդիպում մը ունեցած է Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Սամի Անանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նախագահի իրաւասութեանց եւ սահմանադրութեան բարեփոխումի յաւելուածի յայտարարութիւնը: Իսլամ եղբայրներէն լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուաֆըտ» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանդիպումին ընթացքին գոյացած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն նախագահը պիտի կազմէ համաձայնական կառավարութիւն մը, որուն մէջ Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը պիտի ունենայ նախարարական 8 աթոռներ, ներառեալ` ելեւմուտքի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իսկ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին պիտի վերապահուի ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները ճշդելու իրաւունքը:

Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութենէն աղբիւրներ «Մասրի Եոմ»-ին յայտնեցին, որ կուսակցութեան մէջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան նոր կառավարութեան կազմութեան շուրջ` վստահեցնելով, որ կառավարութեան կազմին 70 առ հարիւրը նշեալ կուսակցութեան ոչ անդամներէ պիտի ըլլայ:

 

Leave a Reply

Advertisement