Թուրքիա Եւ Չինաստան «Մետաքսի Ճամբան» Վերակառուցելու Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
By adminx - Wed Jun 27, 7:22 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա եւ Չինաստան միասնաբար «Մետաքսի ճամբան» վերակառուցելու նպատակով նախագիծ մը մշակած են:
Թուրքիոյ մշակոյթի, լեզուի եւ պատմութեան Աթաթուրքի անուան բարձրագոյն խորհուրդը եւ Չինաստանի ընկերային գիտութիւններու հիմնարկը սկսած են պատմական ճամբուն վերակառուցման համար նախագիծի մը վրայ աշխատիլ:
Թրքական կողմը նշած է, որ «Մետաքսի ճամբան» ոչ միայն առեւտուրի, այլ նաեւ պատմամշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ Թուրքիոյ ու Չինաստանի մէջ համաձայնագիրը կնքուած է ճիշդ այդ հանգամանքները հաշուի առնելով:
Առաջին հանգրուանին պիտի ուսումնասիրուին վերջին քսան տարիներուն ընթացքին «Մետաքսի ճամբու» երկիրներու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային փոփոխութիւնները:
Նախագիծի ղեկավարները պիտի ըլլան Թուրքիան եւ Չինաստանը, սակայն բոլոր այն երկիրները, որոնցմէ անցած է «Մետաքսի ճամբան», պիտի մասնակցին նախագիծի գիտական աշխատանքներուն: Ճամբան պիտի երկարի Չինաստանի Շիան քաղաքէն մինչեւ Պուրսա:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print




