Պիքֆայայի Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Տաւիտ Իսան Եւ Յակոբ Թերզեանը
By adminx - Wed Jun 27, 7:13 am
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի իր հովոցին մէջ ընդունեց լիբանանցի լրագրող Տաւիտ Իսան եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի դիմագրաւած շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին վերաբերող կարգ մը գործադրուած եւ գործադրուելիք ծրագիրներ:
Հանդիպումէն ետք Իսա յայտնեց, որ իրեն համար պատիւ էր ծանօթանալ Արամ Ա. վեհափառին եւ լսել անոր իմաստուն կեցուածքներն ու ճշգրիտ հայեացքը, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ վտանգաւոր եւ լարուած պայմանները, ինչպէս նաեւ շրջանային արագ եւ ողբերգական զարգացումները:
Իսա ընդգծեց, որ հայ համայնքը Լիբանանը բաղկացնող հիմնական համայնքներէն է, որ քաղաքական, տնտեսական թէ այլ մարզերու մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ իր ազդու դերակատարութիւնը ունեցած է քրիստոնեայ ընկերութեան մէջ, հետեւաբար ան հաւասար է մնացեալ համայնքներուն եւ պէտք է իր իրաւունքները ստանայ բոլոր մարզերուն մէջ ու մակարդակներուն վրայ:
Իսա շեշտեց, որ Արամ Ա. վեհափառին կեցուածքներուն մէջ շօշափած է, թէ ան մտահոգ է լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն կարգախօսներով, որոնք կը մղեն զանոնք մոռնալու լիբանանցիներուն ցաւերն ու անոնց կեանքի, տնտեսական եւ ընկերային կարիքները:
Իսա նաեւ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը կոտտան ապրուստի ծանր եւ դժուար պայմաններուն բանեցուցած ճնշումին տակ, իրականութիւն մը, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է մղէ հոգալու ժողովուրդին կարիքները եւ զանոնք դարձնելու կառավարութեան առաջնահերթութիւնը:
«Կարելի՞ է ընդունիլ, որ բարգաւաճման այս դարուն լիբանանցին զրկուի ելեկտրական հոսանքէ եւ ջուրի մատակարարումէ, ինչպէս նաեւ անոր հանապազօրեայ հացը եւ սնունդը սպառնալիքի տակ գտնուի», հարց տուաւ Իսա:
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print



