Wednesday May 22, 2013

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Գէորգ Ղարիպեան Աւարտականին Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

By adminx - Tue Jun 26, 6:17 am

Նախորդ շաբաթավերջին, Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:

Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յունահռոմէական ոճի մրցումներուն բաւական յաջող դուրս եկաւ 55 քկ դասակարգին մասնակցող Հայաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Ղարիպեան:

Ան յաջորդաբար յաղթելէ ետք հունգարացի, պիելոռուս եւ ֆրանսացի իր մրցակիցներուն, հասաւ աւարտական հանգրուան, ուր եւս յաղթանակ արձանագրեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Սաքիթ Կուլիեւին դէմ, եւ բնականաբար տիրացաւ տիտղոսին:

66 քկ դասակարգին մէջ Հայկ Արշակեան 1-16-րդ հանգրուանին տեղի տուաւ մոլտաւիացի իր մրցակիցին` Իուն Կուլիեւի առջեւ: Ան չհասնելով աւարտական հանգրուան այսպիսով զրկուեցաւ նաեւ պրոնզ մետալի համար իր մղած պայքարէն:

Իսկ 84 քկ դասակարգին մէջ, 1-16-րդ հանգրուանին, Վաղինակ Մինասեան պարտութիւն մը կրեց իր խրուաթ մրցակից` Քրեսիմիր Ֆրանիքէն:

Leave a Reply

Advertisement