Wednesday Jun 19, 2013

Ա. Թէ. Սէ. Էլ. «Միթսուպիշի» Ինքնաշարժները Տիրապետեցին Սփիտ-Թեսթի 2-րդ Հանգրուանի Մրցումին

By adminx - Tue Jun 26, 6:13 am

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին կիրակի, 24 յունիսին, Ֆուատ Շեհապ անուան համալիրի (Ժունիէ) շրջափակին մէջ տեղի ունեցան 2012 տարեշրջանի Սփիտ-թեսթի 2-րդ հանգրուանի մրցումները` մասնակցութեամբ 44 ինքնաշարժներու:

Անոնցմէ ոմանք արհեստավարժ մրցումին մասնակցեցան, իսկ ուրիշներ` սիրողական (ոչ արհեստավարժ):

Երկուքին պարագային ալ, տիրապետեցին «Միթսուպիշի» ինքնաշարժները` հետեւեալ ձեւով.

ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ

1.- Ապտօ Ֆըղալի «Միթսուպիշի Լենսըր» 12′ 6″ 57
2.- Իսմաթ Սայֆի «Միթսուպիշի Լենսըր» 1′ 32″ 46
3.- Էլի Հաժ «Միթսուպիշի Լենսըր» 1′ 33″ 22

ՈՉ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ

1.- Շատի Աքըլ «Միթսուպիշի Լենսըր» 1′ 34″ 05
2.- Ռոժէ Խուրի «Միթսուպիշի Լենսըր» 1′ 35″ 51
3.- Քզաւիէ Մասաատ «Միթսուպիշի Լենսըր» 1′ 39″ 68

Բնականաբար 44 վարորդներն ալ այդքան մեծ փորձառութիւն չունէին Սփիտ-թեսթի այս մրցումին` նկատի ունենալով, որ անոնք երբեմն կը զարնուէին դրուած անցարգելներուն` չկարենալով զսպել իրենց ինքնաշարժները:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներուն ներկայութեան:

 

Leave a Reply

Advertisement