Thursday May 16, 2013

Թենիս. Նալպանտեան Պիտի Չպատժուի Իր Կատարած Արարքին Համար

By adminx - Tue Jun 26, 6:12 am

Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան պիտի չպատժուի Լոնտոնի թենիսի միջազգային մրցաշարքի աւարտականին տեղի ունեցած միջադէպին համար, երէկ յայտնեցին մրցաշարքին կազմակերպիչները, կը հաղորդէ PanArmenian.Net:

Ան զայրացած իր մէկ պահուն ոտքով հարուածած էր դաշտին մէջ զետեղուած գովազդի ցուցատախտակներուն, որոնց ետին նստած էր մրցումին հսկող կողմի իրաւարարներէն մէկը: Ատոր ի տես իրաւարարը վնասած էր իր ոտքը:

Որոշուեցաւ Նալպանտեանը չկախակայել` նկատի ունենալով, որ ան դիտումնաւոր կերպով չէր, որ ուզած էր վիրաւորել իրաւարարը: Ան արդէն իսկ զրկուեցաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին տիրանալէ եւ անկէ կէտեր ալ խլուեցան:

 

Leave a Reply

Advertisement