Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Հաստատեց «Պաապտայի Յայտարարութեան» Իր Կառչածութիւնը
By adminx - Tue Jun 26, 7:55 am
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի նախագահական պալատի 22 նոյեմբերի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-ի Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան երկրորդ նիստը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, երեսփոխան Միշել Մըր, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, երեսփոխան Ժան Օղասապեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Ֆայեզ Հաժ Շեհին:
Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը շարունակեց պոյքոթի ենթարկել Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Սաֆատի անհանգստութեան պատճառով բացակայեցաւ նիստէն, իսկ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի ճամբորդութեան պատճառով նոյնպէս բացակայեցաւ նիստէն:
Ազգային երկխօսութեան նիստը ընդգծեց, որ երկխօսութենէն բացի ոչ մէկ միջոց կայ` հասնելու համար Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան, ներառեալ նաեւ Հըզպալլայի զէնքի հարցին քննարկումին եւ երկրին ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութեան:
Նիստը շեշտեց «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` մաղթելով, որ կառավարութիւնը գործադրէ Թաէֆի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան նախորդ նիստերուն ընթացքին տրուած որոշումները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին պաղեստինեան զէնքին:
Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ զէնքը պէտք չէ օգտագործել լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին մէջ` նշելով, որ անհրաժեշտ է այդ զէնքին քաղաքական հովանաւորութիւն չտրամադրել:
Ազգային երկխօսութեան երրորդ նիստը պիտի գումարուի 24 յուլիսին:
Նիստէն ետք նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նիստին սկիզբը նախագահ Սլէյման անդրադարձած է «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ անոր նկատմամբ ներքին լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային զօրակցութեան:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, որուն ծիրին մէջ նաեւ Դիմադրութեան զէնքին հարցը, որուն քննարկումը պիտի շարունակուի յաջորդ նիստին ընթացքին` մեկնելով այդ մասին հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած պատկերացումէն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ կառավարութեան կողմէ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Ազգային երկխօսութեան նախորդ նիստերուն որդեգրուած որոշումներուն գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ զէնքը ներքին լիբանանեան առումով չգործածելու կարեւորութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է իբրեւ միակ միջոց որդեգրել երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ Ազգային երկխօսութեան երրորդ նիստը պիտի գումարուի 24 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print




