Զինեալ Յարձակում «Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանին Դէմ. Քաղաքական Վերնախաւը Խստիւ Կը Դատապարտէ Արարքը
By adminx - Tue Jun 26, 7:53 am
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ 5 երիտասարդներ յարձակում մը գործեցին: Անոնք կրակեցին կայանին վրայ եւ քոքթէյլ մոլոթով տիպի ռումբեր նետեցին, ինչպէս նաեւ անիւներ հրկիզեցին շէնքին մուտքին` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Յարձակումը գործող երիտասարդներէն մէկը` Ուիսամ Ալաէտտին, ձերբակալուեցաւ եւ իսկոյն հարցաքննուեցաւ:
«Ժատիտ» կայանին դէմ գործուած այս յարձակումը խիստ դատապարտումի արժանացաւ իշխանութեան պետերուն, նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն կողմէ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց «Ժատիտ»-ի դէմ գործուած արարքը, ինչպէս նաեւ հերքեց, թէ յարձակումը գործող տղաքը Ամալ շարժումի հետեւորդներ են:
Երեկոյեան ժամը 10:30-ին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել ուղղուեցաւ կայան, ուր զօրակցութիւն յայտնեց «Ժատիտ»-ին` խստիւ դատապարտելով այդ արարքը: Ան հաստատեց, որ անկարելի է, որ յարձակողները Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի անդամ ըլլան:
Շարպել խնդրեց սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը այս հանգրուանին իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը հսկեն երկրին ապահովութեան:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք այցելեց «Ժատիտ» կայան, ուր զօրակցութիւն յայտնեց կայանին` շեշտելով, որ նման արարքներ, որոնք թիրախ կը դարձնեն տեղեկատուութեան մարզին ազատութիւնը, խստիւ դատապարտելի են:
Կայան այցելեցին նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա:
«Ժատիտ» կայան հեռաձայնեցին մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ եւ երեսփոխաններ, որոնց շարքին երեսփոխաններ Աթեֆ Մաժտալանի, Ամմար Հուրի, Խալետ Զահրաման, Նեպիլ Նիքոլա, Զիատ Ասուատ, Սիմոն Ապի Ռամիա եւ Հատի Հըպէյշ, նախկին նախարարներ Պշարա Մըրհեժ, Էլիաս Սքաֆ, Ժան Օպէյտ եւ Միշել Ֆարաոն:
ՆՇԵՆՔ, որ աւելի ուշ Վերտանի «Քոնքորտ» շէնքին առջեւ ինքնաշարժէ մը կրակոցներ արձանագրուեցան, իսկ բանակը Պշարա Խուրիի եւ Զոքաք Էլ Պլաթի մէջ խուզարկութիւններ կատարեց եւ շարք մը երիտասարդներ ձերբակալեց:
- 0 Comments
- 75 views
- Tweet
Email
Print




