Ներքին Գործոց Նախարարը Պարգեւատրեց Զօր. Քահուաժին
By adminx - Tue Jun 26, 7:51 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ պարգեւատրեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին:
Շարպել նախարարութեան զինանշանը յանձնեց զօր. Քահուաժիին` գնահատելով անոր ջանքերը եւ զոհողութիւնները` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Նախարար Շարպել ընդգծեց բանակին դերակատարութիւնը Լիբանանի ապահովութեան ամրապնդման մէջ: Ան շեշտեց, որ երկրին մէջ ապահովական միջադէպեր բռնկեցնելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
Մարուան Շարպել բարձր գնահատեց զօր. Քահուաժիի կարողութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ բարելաւել նաեւ բանակին դերակատարութիւնը եւ պահպանել լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Իր կարգին, զօր. Քահուաժի արտասանեց շնորհակալական խօսք մը, որուն շրջագիծին մէջ անդրադառնալով վերջերս պաղեստինեան Նահր Պարետ եւ Այն Հելուէ գաղթակայաններուն մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն, յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ անցեալը ինքզինք կրկնէ եւ պաղեստինցիներուն վերաբերող մարդկային հարցերն ու կարիքները վերածուին երկրին ապահովական կայունութիւնը խզելու կամ լիբանանեան բանակն ու անոր արժանապատուութիւնը թիրախ դարձնելու առիթի մը:
Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ իրենց դերակատարութենէն հրաժարիլ չկայ: Ան զգուշացուց լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժեր, որ արտաքին ուժերու կամ պետութիւններու վրայ վստահելով բանակին դէմ չգործեն: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի գերագոյն շահերը ամէն բանէ վեր են:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print




