Wednesday May 22, 2013

Միքաթի Ընդունեց Քոնելլին

By adminx - Tue Jun 26, 7:50 am

Դեսպան Քոնելլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ  Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ուաշինկթըն կը գնահատէ Լիբանանի կառավարութեան, լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Քոնելլի վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանին:

 

Leave a Reply

Advertisement