Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Կօշիկի Գործարաններու Սեփականատէրերուն Մէկ Պատուիրակութիւնը
By adminx - Tue Jun 26, 7:49 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց կօշիկի գործարաններու սեփականատէրերու մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաունի:
Նախարար Սապունճեան պատուիրակութենէն իմացաւ ներածուած կօշիկներուն վրայ պարտադրուող տուրքը չջնջելու պատճառները:
Պատուիրակութիւնը նախարար Սապունճեանին յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կ՛առաջարկէ ներածուած կօշիկներուն վրայ տուրքը ջնջել` աւելցնելով, որ իրենց կարծիքով, նման քայլ մը առնելու պարագային լիբանանեան արտադրութեամբ կօշիկները մեծ վնասներ կը կրեն` նկատի ունենալով, որ կօշիկի գործարանները հարիւրաւոր աշխատաւորներ ունին:
Պատուիրակութիւնը նախարար Սապունճեանէն խնդրեց խստացնել հսկողութիւնը, որպէսզի մաքսատունէն ապօրինի կերպով արտադրութիւններ չներածուին, ինչպէս նաեւ պահանջեց ջնջել այն տուրքերը, որոնք կը պարտադրուին կօշիկի արտադրութեան համար օգտագործուող նիւթերուն վրայ:
Վ. Սապունճեան հասկացողութիւն ցուցաբերեց գործատէրերուն մտահոգութիւններուն նկատմամբ եւ դրուատեց երկրին ճարտարարուեստին նպաստելու եւ լիբանանեան արտադրութիւնը բարելաւելու նպատակով անոնց ի գործ դրած ջանքերը:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print




