Տաուք Եւ Սլէյման Ընդունեցին «Անատոլու»-ի Տնօրէնը
By adminx - Tue Jun 26, 7:48 am
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան տնօրէն Քեմալ Էօզթիւրք երէկ այցելեց Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյմանի, որուն հետ քննարկեց երկու գործակալութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս լուրերն ու փորձառութիւնները փոխանակելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Էօզթիւրք յայտնեց, որ Ազգային լրատու գործակալութիւնը շրջանին մէջ կարեւորագոյն լրատու գործակալութիւններէն է, եւ մենք կը փափաքինք անոր հետ մեր յարաբերութիւնները բարելաւել եւ յառաջիկայ տասնամեակին այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել:
Ան նշեց, որ ինք Սլէյմանի ներկայացուցած է յառաջիկայ ութ տարիներուն ընթացքին «Անատոլու»-ի ծրագիրը, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ նաեւ արաբերէն լուրեր հաղորդելու կարելիութիւնը:
Էօզթիւրք յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին լուրերու կողքին նաեւ լրագրողներ փոխանակել եւ առիթ տալ, որ անոնք փոխադարձ լրագրական վարժողական ծրագիրներու հետեւին:
Էօզթիւրք եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը շրջեցան Ազգային լրատու գործակալութեան գրասենեակները:
Թրքական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին շրջագիծին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Էօզթիւրք շեշտեց, որ Տաուք ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերած է եւ լուրջ խորհրդակցութիւններ ունեցած անոնց հետ` խոստանալով Լիբանանի կարողութիւնները ի սպաս դնել «Անատոլու»-ի օժանդակութեան:
Էօզթիւրք լիբանանցիներուն փոխանցեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ողջոյնները:
Իր կարգին, Տաուք ընդգծեց, որ թրքական պատուիրակութիւնը զինք տեղեակ պահած է Լիբանանի մէջ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան գրասենեակ մը բանալուն մասին` աւելցնելով, որ այդ քայլը ողջունելի է եւ թէ ինք ամէն ձեւով պիտի զօրակցի այդ գրասենեակին աշխատանքներուն:
«Այսօր Թուրքիան շրջանային կարեւոր դերակատարութիւն ունի եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Պէյրութի տեղեկատուական դերակատարութեան կարեւորութիւնը` շրջանային իրադարձութիւններուն անդրադառնալու գծով», ըսաւ Տաուք:
Տաուք նշեց նաեւ, որ Թուրքիա իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է օժանդակելու Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի` «Թելէ Լիպան»-ի արխիւները կարգաւորելու եւ անոր թրքական ֆիլմաշարեր տրամադրելու:
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print




