«Մարտ 14-Ի Ամենագէտները` Առանց Այլընտրանք Մը Ունենալու, Կոչ Կ՛ուղղեն Տապալելու Կառավարութիւնը» Շեշտեց Ժոմպլաթ
By adminx - Tue Jun 26, 7:47 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի ներքին իրավիճակը փտած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան իրավիճակը ապառողջ է, լիբանանցիներուն ապրուստի վիճակը` անհանգիստ, երկրին ապահովական կացութիւնը` անմխիթար, լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւնը` վտանգի մէջ, իսկ լիբանանեան քաղաքական կեանքը կը նմանի կրկէսի մը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ երկրին ելեկտրականութեան տագնապին անպայման լուծում մը պէտք է գտնել` նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ տագնապին պատասխանատուն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլն է եւ ոչ թէ ինք:
Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէջ գտնուող ամենագէտները, որոնք առանց այլընտրանք մը ունենալու կոչ կ՛ուղղեն տապալելու Լիբանանի կառավարութիւնը:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print




